ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Վենետիկի Կա Ֆոսկարի պետական համալսարանի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, բոլորեց իր 28-րդ անընդմէջ դասաշրջանը։ Պո-Արաքս մշակութային ընկերակցութեան գործակցութեամբ կազմակերպուած դասընթացքին առթիւ, Հայ-Վենետը՝ ինչպէս նախընթաց տարիներուն՝ այս տարի ալ հայութեամբ հարուստ ամառ մը ապրեցաւ։
Վենետիկ, համաշխարհային արուեստի եւ մշակոյթի պատմական քաղաքամասերէն մին՝ սերտ կապեր ունեցած է հայերու հետ, Կիլիկեան թագաւորութեան օրերէն սկսեալ, մինչեւ այսօր գլխաւոր կեդրոններէն մէկն է Հայ մշակոյթի։
2013 դասաշրջանի 23 օրերու ընթացքին հաւաքուած էին 46 ընթացորդներ 13 տարբեր երկիրներէ, եւ տարբեր տարիքներէ, զարգացնելու համար իրենց հայերէնի մակարդակը կամ նոր ծանօթանալու իրենց նախնիներու եւ կամ իրենց հետզօտութեան, գիտական հետաքրք
րութեան լեզուին՝ հայերէնի։ Այս ընթացորդներէն 15-ը հայ չէին, պատկանելով տարբեր ազգութիւններու՝ թուրք, իտալացի, լեհացի, շուետացի, ռուս, վրացի եւ ֆրանսացի։
Այս 46 հոգիներուն կը միանային Դասընթացքին՝ առաջին երկու շաբթուան ընթացքին, Թորոնթոյի Գօլօլեան Ազգային վարժարանին այս տարուան շրջանաւարտները, 11 աշակերտ, առաջնորդութեամբ իրենց ժրաջան տնօրէն տիար Արմէն Մարտիրոսեանի եւ ուսուցչուհի Սուզան Միլտունեանի։ Այս չորրորդ տարին է արդէն որ Գօլօլեան վարժարանը կը բերէ իր շրջանաւարտ աշակերտութիւնը Վենետիկի դասընթացքին, քաղելով մեծ օգուտներ եւ փոխադարձաբար ճոխացնելով դասընթացքը՝ անոնց երիտասարդական աւիւնով։
Ուշագրաւ երեւոյթ էր հայ մշակոյթի երբեմնի մեծ ոստանէն՝ Պոլիսէն 7 երիտասարդ ուսուցիչուհիներու, ինչպէս նաեւ մայր հայրենիքէն չորս ընթացորդներու ներկայութիւնը։
Դասաւանդութիւները տեղի ունեցան Վենետիկի համալսարանին հայ լեզուի եւ գրականութեան ամբիոնը ընկալող շէնքին կառոյցներուն մէջ։ Ընթացորդներու բնակութիւնը ապահովուած էր՝ նոյնպէս Վենետիկի համալսարանի կառոյցներէն Աբբացիա եւ Եունգհանս ուսանողատուներուն մէջ Վենետիկի պատմական Կանարեջոյ եւ Ջուտեկկա թաղերը։
Դասընթացքը ունեցաւ չորս մակարդակ։ Առաւօտեան 8։45էն մինչեւ 13։15 տեւող դասապահերուն, դասաւանդութեան ծրագիրը կþընդգրկէր՝ առաջին երեք մակարդակներուն վրայ՝ բացի հայերէն լեզուի շաբաթական քսան պահ ուսուցումէն, որ առաջին իսկ մակարդակէն կը կատարուի հայերէն, ընդհանուր ներածութիւն մը հայ պատմութեան եւ մշակոյթին, այս վերջինս անգլերէն լեզուով՝ շաբաթական հինգ պահ։ Չորրորդ մակարդակին վրայ, աշխարհաբարի բարձրագոյն ընթացքին կþաւելնային՝ գրաբար, ժամանակակից եւ յատկապէս սփիւռքեան գրականութիւն, լեզուի պատմութիւն, հայ արուեստ՝ մանաւանդ պատմական ճարտարապետութիւն, եւ հայ երաժշտութեան ներածութիւն։ Ասոնց կողքին, բոլորին համար ազատ հրամցուեցան՝ դուդուկի եւ հայկական պարերու դասեր յետ միջօրէներուն։
Ուսուցչական կազմը հետեւեալն էր՝ Ռոզիկ Թաշճեան (Փարիզ, լեզու), Արամ Իփէքճեան (Պատովա, երաժշտութիւն, դուդուկ), Կորիւն Խաչատուրեան (Փարիզ, լեզու), Պարէտ Մանօք (Փարիզ, լեզու), Ռաֆֆի Սէթեան (Փասադինա, լեզու, գրականութիւն), Սօսի Սուսանեան (Բուդափեշտ, լեզու), Բենեդետտա Քոնթին (Պադովա, գրաբար), Հ. Լեւոն Զէքիեան (Վենետիկ, լեզուի պատմութիւն, արուեստ), որ եւ Դասընթացքի վարիչն է։
6 Օգոստոսին խումբը այցելեց Ս. Ղազարու Մխիթարեան Մայրավանքը, մանրամասն պատմական բացատրութիւններով Հ. ԼեւոՆ Զէքիեանի։ 4 եւ 11 Օգոստոսին Հ. Լեւոն վրդ. պատարագեց Վենետիկի հայոց պատմական Ս. Խաչ եկեղեցին, որ նաեւ հայ սփիւռքի ամենահին եկեղեցիներէն է։ 2, 7, 12, 13, 16 Օգոստոսին, երեկոները, Ուսանողական պարտէզին մէջ, դասախօսութիւններ կատարուեցան դասընթացքին մասնակցող փրոֆ.ներ Ռոնալդ Սիւնիի եւ Սարա Լաօորթի, ուսուցիչ Պարէտ Մանօքի եւ Հ. Լեւոն Զէքիեանի կողմէ ընթացորդներու հոծ մասնակցութեամբ։ 9 Օգոստոսին ուսուցիչ Արծուի Բախչինեան ցուցադրեց երկու փաստագրական նոր ֆիլմեր, մէկը կարճ, միւսը՝ երկարամեթրաժ։ Կարճանեթրաժ ֆիլմն էր՝ Վարդան Դանիէլեանի «Կարճ Պատգամ»ը (Հայաստան, 2013), իսկ երկարամեթրաժն էր Սեզար եւ Կերի Կանանեաններու «Հայկական Ռափսոտիա»ն (Հայաստան-Բրազիլ, 2012)։ 14 Օգոստոսին դասախօսեց շարականներու մասին, երգեցողական կատարումներով, Ս. Ղազարու մայրավանքին դասապետ Հ. Գրիգոր Միքայէլեան։ 5, 8 եւ 19 Օգոստոսին Ուսանողական պարտէզի հաճելի մթնոլորտին մէջ կազմակերպուեցան զուարթ երեկոյթներ։
Յառաջիկայ տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը բացուին 2013-ի Նոյեմբերին։ Պայմանները պիտի հաղորդուին յաջորդաբար։
ԴԻՒԱՆ ՊՈ-ԱՐԱՔՍ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ