Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցան «Կարին» աւանդական երգի եւ պարի խումբի ելոյթները ՀՀ անկախութեան տօնի կապակցութեամբ:

Հաւատարիմ մնալով հայ մշակոյթը ներկայացնելու եւ պահպանելու իր կոչման՝ «Կարին»ը անկախութեան տօնը հարստացուց ազգային երգ ու պարով եւ հոլանտաբնակ հայերու կողմէ ընդունուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ: Բացի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն, հանդիասատեսներուն մէջ կային Հոլանտայի պետական մարմիններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ դատարաններու ներկայացուցիչներ, արուեստի գործիչներ, գործարարներ: «Կարին»ի արուեստը բարձր գնահատեց նաեւ եւրոպացի հանդիսատեսը:

Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեանը Ռայսվայկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած համերգի բացումը կատարելով՝ շեշտեց Հայաստանի անկախութեան խորհրդանշական նշանակութիւնը եւ ընդգծեց հայ ժողովուրդի հաստատակամութիւնը «արարելու, չնայած ամենածանր տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական պայմաններին, իրականութեան վերածելու վեցդարեայ երազանքը եւ կերտելու ապահով ու բարեկեցիկ երկիր»:

Յիշեցնենք, որ համերգները կազմակերպուած էին Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ հայ համայնքի օժանդակութեամբ: