Եւրասիական Միութեան միջոցաւ Մոսկուա յոյս ունի պահել Խորհրդային Միութեան բեկորները, ՄԱԿի ամպիոնէն յայտարարեց Վրաստանի նախագահը
ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովի Չորեքշաբթի օրուայ նիստին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլի՝ քննադատութեան ենթարկելով Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը եւ յայտարարելով, թէ տարածաշրջանի երկիրները աննախադէպ ճնշման տակ յայտնուած են Խորհրդային Միութիւնը վերականգնելու Ռուսաստանի յաւակնութիւններուն պատճառով: