Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով իր դիւանագիտական աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս, առանձին հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը արդէն յայտնած էր, որ Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է Նալբանդեանի հանդիպումը միջնորդներուն հետ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Միացեալ Նահանգներ կ'այցելէ 25-28 Սեպտեմբերին, իսկ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը արդէն հոն է: