Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԱՐԺԱՆԹԻՆ

Կազմուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Խորհրդարանականներու Բարեկամական Խումբը

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12ին, Արժանթինի խորհրդարանին մէջ կազմուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արժանթինի երեսփոխանական տան միջեւ բարեկամական խումբ։ Երեսփոխան Քրիստինա Զիէպարթի նախագահութեամբ, խումբին մաս կը կազմեն երեսփոխաններ:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան արտաքին յարաբերութեանց եւ կրօնի յանձնախումբի նախագահը եւ Բարեկամական Խումբերու համադրող՝ Սանտրա Գապաժէրօ, ինչպէս նաեւ այլ երեսփոխաններ, կառավարական պաշտօնեաներ եւ Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ։

Երեսփոխան Կիժերմօ Գարմոնա Արժանթինի մէջ հայ համայնքի կարեւորութիւնը շեշտեց, նշելով Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ երկրի   յստակ դիրքորոշումը:

ԿԻՊՐԱՀԱՅ

Դաւիթ Պալեան՝ Կիպրոսի ախոյեան

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք թէ Դաւիթ Պալեան եւ Անաստասիա Ռազումովա զոյգը դարձած է Կիպրոսի պարի պատանեկան առաջնութեան ոսկէ մետալակիր։ Ընդ որում, Դաւիթ եւ Անաստասիա զոյգը, առաջնութիւն շահած է բոլոր երեք դասակարգերուն մէջ։

Դաւիթ Պալեան այժմ կը պատրաստուի մասնակցիլ Նոյեմբեր 15ին միջազգային առաջնութեան Վիեննայի մէջ։ Այս նպատակին համար Դաւիթը կարիքը ունի հովանաւորներու։

 

«ՆԱՆՕՐ» Հայկական Մանկական Կեդրոնը սկսաւ գործել

Սեպտեմբեր 2013-ին, առաջին անգամ ըլլալով օրինաւոր կերպով սկսաւ գործել «ՆԱՆՕՐ» Հայկական Մանկական Կեդրոնը Նիկոսիոյ Նարեկ Վարժարանի կառոյցէն ներս։

Շուրջ տարի մը տեւած շինարարական, ներքին կահաւորման եւ վարչական աշխատանքները աւարտած ըլլալով, այս անհրաժեշտ հաստատութեան ստեղծումը, վերջապէս իրականութիւն դարձաւ Կիպրահայ գաղութի կեանքէն ներս։ Դրութիւն մը, որ ձեռնտու է թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ փոքրիկներուն եւ որ անկասկած պիտի նպաստէ նաեւ գաղութի հայապահպանման նպատակին։

«ՆԱՆՕՐ» Հայկական Մանկական Կեդրոնը ոչ հասութաբեր հաստատութիւն մըն է եւ նախաձեռնութիւնը՝ Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի։

 

ՀՈԼԱՆՏԱ

ՀՀ անկախութեան օրուայ առթիւ «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը
ելույթ կ"ունենայ Հոլանտայի մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան առթիւ Սեպտեմբեր 17-էն 25-ը «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը ելոյթ կ"ունենայ Հոլանտայի մի քանի քաղաքներու մէջ՝ տեղւոյն հայ համայնքի եւ եւրոպացի հանդիսատեսներու առջեւ:

Այցը նախաձեռնած է Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը՝ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեանի գլխաւորութեամբ: Այցի նպատակն է՝ Սեպտեմբեր 21ի Հայաստանի անկախութեան օրուայ կապակցութեամբ անգամ մը եւս վերահաստատել Հոլանտա բնակող հայերու կապը հայրենիքի հետ՝ ազգային երգի եւ պարի միջոցով: Ելոյթները տեղի պիտի ունենան Ալմելոյի, Մասթրիխթի եւ Լա Հէյի մէջ:

Ըստ խումբի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեանի՝ Հոլանտայի ելոյթներով «Կարին»ը առիթ պիտի ունենայ նաեւ ազգային երգ ու պարով եւրոպացի հանդիսատեսին ներկայացնելու այն հարուստ ու բազմամեայ մշակոյթը, որ կը յատկանշէ հայ ժողովուրդը: