Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակին համար առաջադրուած է Ռումանիոյ տնտեսութեան նախարար Վարուժան Ոսկանեանը:

Այս մասին կը յայտնէ «Արմէն-փրէս»ը վկայակոչելով «Մոնտօ» լրատուական կայքէջը, որ դիմած էր նախարարին ստանալու համար համեստ իր պատասխանը՝ թէ այնքան ալ չի հաւատար իր յաղթանակին:

Հայ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն իր թեկնածութեան, յայտնելով թէ իր անուան թեկնածութիւնը ներկայացուած է երեք երկիրներու գրողներու միութիւններու կողմէ, նախապէս ստանալով իր համաձայնութիւնը:

Գրող, քաղաքական գործիչ, Ռումանիոյ հայոց միութեան հիմնադիր եւ նախագահ Վարուժան Ոսկանեանը հեղինակն է «Շշուկներու մատեան» վէպին, որ հրատարակուած է 2009ին եւ արժանացած է Ռումանիոյ ակադեմիոյ գրական գլխաւոր մրցանակին: Իր գիրքը թարգմանուած է իտալերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն լեզուներուն եւ յառաջիկային նախատեսուած է թարգմանութիւնը նաեւ եբրայերէնի, շուէտերէնի, գերմաներէնի եւ պուլկարերէնի:

Գիրքին մէջ ներկայացուած են հայկական աւանդութիւնները, մշակոյթը, երգերը, խոհանոցը, հայերու տանջանքը եւ յոյսերը: