Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թոքիոյի Եամահա-Գինզա կեդրոնէն ներս, անցնող շբաթավերջին բացուեցաւ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, կազմակերպութեամբ՝ Ճափոնի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, «YAMAHA» եւ «ZEN-ON MUSIC» ընկերութիւններու նախաձեռնութեամբ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են մեծանուն յօրինողի հարուստ ստեղծագործական ուղին պատկերող լուսանկարներ, ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն, իրեն նուիրուած գիրքերու ժողովածուն, տեսասկաւառակներ ու ձայնասկաւառակներ:

Թոքիոյի երաժշտասէրները փութացած են մասնակցելու ցուցահանդէսի բացման, որը պիտի գործէ մինչեւ Հոկտեմբեր 15-ը, ապա պիտի տեղափոխուի Ճափոնի Օսաքա եւ Նագոյա քաղաքները, շարունակուելու համար մինչեւ տարեվերջ: