Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Վերջին Ռաունտը Պոլսոյ մէջ»
Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքներուն Անդրադարձող
Շնչաւորուած Նկարներով Ֆիլմ
 

Սերժ Աւետիքեան ներկայիս կ'աշխատի խոշոր նախագիծի մը վրայ, որ «վերջին ռաունտը Պոլսոյ մէջ» շնչաւորուած նկարներով (անիմասիոն) լիամետրաժ ֆիլմն է:

Աւետիքեան պիտի անդրադառնայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն: «Ֆիլմի սենարը լիովին ամբողջական է, այժմ մենք մշակում ենք ֆիլմի՝ չորս րոպէ տեւողութեամբ նախագիծը՝ երկու դրուագ»,- Փարիզէն ըսած է Աւետիքեան:

Սենարի վերջին տարբերակը մշակելով՝ Աւետիքեան հասկցած է, թէ որքան մեծ է ֆիլմի ներ- քին հզօրութիւնը: «Արդէն սկսում եմ հասուն ձեւով զգալ ֆիլմի ոճը, որը շատ հրապուրիչ է: Հայաստանի հետ անմիջական համաարտադրութիւն   այն, ամենայն հաւանականութեամբ, չի ունենայ: Հնարաւոր է, որ որպէս համաարտադրող երկիր հանդիսանան Գանատան եւ Թուրքիան»,- ըսած է բեմադրիչը: Թուրքիայի հետ համաարտադրութեամբ ստեղծուած էր նաեւ «Շուներու կղզին» ֆիլմը, որուն համար ֆիլմի սենարիստը Քաննի փառատօնին արժանացաւ «ոսկէ արմաւենի» մրցանակին:

Աւետիքեանի գնահատմամբ՝ «Վերջին ռաունտը Պոլսոյ մէջ» անուղղակի եւ դաժան ձեւով կը պատմէ Թուրքիոյ պատմութիւնը, որ կÿառնչուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ ֆաշիզմի թեմային: «Այսօր, կարծում եմ, Թուրքիայում կան համարձակ երիտասարդ պրոդիւսերներ, որոնք կը ցանկանան լինել այս գործի մէջ, որովհետեւ սա իրենց համար էլ է կարեւոր»,- պարզաբանած է ֆիլմի հեղինակը:

ֆիլմի առանցքին են քոյր ու եղբայր Ռոզան եւ Արմէնը, ովքեր որբեր են եւ կ'ապրին Ադիս Աբեբայի մէջ, ուրկէ ստիպուած են փախչելու Ջիպութի ապա Պոլիս: Ֆիլմի մէջ հերոսներու կեանքի մասին պատմող տարատեսակ իրադարձութիւնները կը հանգուցալուծուին Մարսէյլի մէջ, ուր իրենք վերջնական բնակութիւն կը հաստատեն:

Աւետիքեանի հաւաստիացումով ֆիլմի ենթախորքի մէջ, ներկայացուած է ցեղասպանութեան գլխաւոր հետեւանքը՝ սփիւռքահայութիւնը: «Աշխարհով մէկ սփռուած ազգի պատմութիւնն է հէնց ֆիլմի վերջին ստորակէտը»,-ընդգծեց Աւետիքեան՝ աւելցնելով, որ փորձած է ֆիլմի մէջ ցեղասպանութեան հետեւանքները կապել Առաջին եւ Երկրորդ աշխարհամարտերու հետեւանքներուն հետ: