ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն՝ աւելի քան երկու տարի շարունակուող սուրիական պատերազմի արդիւնքով, մինչեւ 2013 թ. Ապրիլ մահացած է աւելի քան 100 հազար մարդ:
Սուրիոյ ներքին գաղթականներու թիւը 4.5 միլիոն է, իսկ մօտակայ երկիրներու մէջ փախստականներու թիւը ՄԱԿ-ի վերջին տուեալներով՝ կը գերազանցէ 2 միլիոնը:
Կառավարական զօրքերը կը փորձեն Հալէպը ազատագրել ընդդիմադիրներէն: Գրեթէ ամէն օր թէժ մարտեր կ'ընթանան, պայթումներ ու հրթիռակոծութիւններ, որոնց ժամանակ կը տուժէ խաղաղ բնակչութիւնը, որոնց կարգին նաեւ հայութիւնը։ Վերջին շրջանին հայ զինուորականներ, բանակի ծառայողներ մահացան մարտերու ընթացքին, բազմաթիւ հալէպահայեր վիրաւորուեցան, որոշներ երկրէն դուրս գալու ճանապարհին առեւանգուեցան, ապա ազատ արձակուեցան։