Բերիոյ թեմի լրատուական աղբիւրներէ կÿիմացուի թէ Երեքշաբթի երեկոյեան, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող հայաշատ Ժարամանա շրջանի ԱԼ-Խըտըր եւ Ալ-Սիուֆ խաչմերուկի վրայ տեղի ունեցած պայթումին հայ մը զոհ գացած է: Ժարամանայի մէջ ականապատ մեքենայի պայթիւնի հետեւանքով, նախնական տեղեկութիւններով 18 մարդիկ ներառեալ փոքրիկներ զոհուած էին եւ վիրաւորուած աւելի քան 56 անձեր: Զոհերուն շարքին է նաեւ 1966-ի ծնունդ հայազգի զաւակ Սարգիս Մերեսճեանը, որ կը գտնուէր պայթումի վայրը հրկիզուած փոխադրակառքին մէջ: