Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Համեմատած այլ Պոլսահայ լուսանկարիչի մը՝ Արա Կիւլէրին, Յովսէփ Մինասեան (Մինասօղլու) անծանօթ մըն էր, սակայն ան կը նկատուի ոսպնեակի ետին կանգնող հսկայ մը:
Մինասեան, մահացաւ վերջերս 85 տարեկան հասակին: Եգիպտահայ Վան Լէոյի ոճն է որ կիրարկած է Մինասեան, ներկայացնելով դիմանըկարներ եւ տեսարաններ: Քանի մը տարի առաջ, «Արաս» հրատարակչատունը  լոյս ընծայած էր երկլեզու (հայերէն եւ թըրքերէն) գիրք մը ներկայացնելով Մինասեանի գործերը: