Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Անթիլիասի հայոց կաթողիկոսարանէն տարածուած հաղորդագրութեամբ մը կ'իմացուի թէ Հինգշաբթի, Օգոստոս 8ի առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի:
Անձնական այցելութեան բնոյթ կրող սոյն հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին առնչուած հարցեր: Ապա սրբազան պատրիարքը ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին: