Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը յայտնեն, թէ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան նշանակուած է Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Ան իր առաքելութեան սկսաւ արդէն Օգոստոս 1ին։
Տէր հայրը իր ընտանիքին հետ Լոս Անճելըս հաստատուեցաւ: Ան իր անդրանիկ սուրբ պատարագը մատուցեց Կիրակի, Օգոստոս 4ին, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ սրբազանին։ Տէր հայրը աւելի քան 15 տարիէ ի վեր կը ծառայէր Յունաստանի թեմէն ներս, որպէս հիւսիսային Յունաստանի Թրակիոյ շրջանի հոգեւոր հովիւ, իր ծառայութիւնը մատուցելով հայաբնակ վեց քաղաքներու մէջ:
«Տէր հօր եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքին կը մաղթենք բարի երթ եւ նոր նուաճումներ, հոգեւոր ու ազգային կեանքերու մէջ պայծառացում», նշուած է Ազգ. առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյնպէս յունահայ գաղութը բարի երթ ու բեղուն գործունէութիւն կը մաղթէ ծառայասէր հոգեւոր հօր եւ իր ընտանիքի անդամներուն: