Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԿԱՆ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ 

Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ, Ռեյհանլը բնակավայրի մօտ, վառելիքի մաքսանենգներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ տեղի ունեցած փոխ հրաձգութեան հետեւանքով 8 խաղաղ բնակիչ վիրաւորուած է։

Այս մասին կը յայտնէ tert.am-ը վկայակոչելով թրքական Անատոլու գործակալութիւնը:

Կ'ենթադրուի, որ բնակիչներէն ոմանք փորձած են օգնել մաքսանենգներուն, որուն ընթացքին կռիւ սկսած է: Այդ ժամանակի ընթացքին զինուորները նախազգուշական կրակոցներ արձակած են:

Միջադէպի հետեւանքով վիրաւորուած է 8 մարդ, որոնցմէ մէկը երեխայ: Անոնցմէ 4-ը տեղափոխուած են Ռեյհալնըի հիւանդանոց:

Որոշ գիւղացիներ պնդած են, որ փոխ հրաձգութեան ընթացքին գնդակներ հասած են տուներու եւ մեքենաներու ուղղութեամբ։