Սուրիոյ մէջ կը շարունակուի լարուած մնալ ներքաղաքական իրավիճակը: Ծանր կացութեան մէջ յայտնուած են յատկապէս պաշարման մէջ գտնուող Դամասկոսի մէջ բնակող հայերը եւ Հալէպ քաղաքի հայաշատ թաղամասերը:
Արաբագէտ Արմէն Պետրոսեանի կարծիքով‘ այն իրավիճակը, որ այժմ կը տիրէ Սուրիոյ մէջ, տա¬ կաւին երկար ժամանակ պիտի յամենայ, քանի տակաւին թրքական կառավարութիւնը որդեգրած է յարձակողական եւ անհանդուրժողական քաղաքականութիւն ինչպէս սուրիացիներուն եւ քիւրտերուն, նոյնպէս ալ սուրիահայերուն նկատմամբ:
«Մեր Թաղամասերուն Մէջ Մարտեր
Չեն Ընթանար» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ յայտնեց, որ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ վերջին շրջանին իրավիճակը հիմնականին մէջ հանդարտ է, եւ նոր միջադէպեր չեն արձանագրուած:
«Ի հարկէ, պատահական, ինչպէս նաեւ արձակազէններու կողմէ արձակուած փամփուշտներու վտանգը միշտ ալ կայ, սակայն ընդհանուր առմամբ, մեր թաղամասերուն մէջ մարտեր չեն ընթանար», ըսաւ ան, ընդգծելով, թէ Հալէպի մէջ ընդհանրապէս կարճատեւ մարտեր կ՛ըլլան, սակայն անոնք առայժմ հեռու են հայկական թաղամասերէն: Ռէյիսեանի համաձայն կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բուռն մարտերը հիմնականին մէջ բաց գօտիներու մէջ են: