Անձնական այցելութեամբ կարճ ժամանակ առաջ, Գանատայի Մոնթրէալ եւ Թորոնթօ քաղաքները այցելեց Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանը։
Սրբազան հայրը առիթը ունեցաւ տեսակցելու Գանատայի առաջնորդ Գերշ. Խաժակ արք. Յակոբեանի հետ, այցելելու Մոնթրէալի, Թորոնթոյի եւ Քեմպրիճի շրջանները եւ ծանօթանալու տեղւոյն կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Թեմակալ առաջնորդը առիթը ունեցաւ մօտէն տեսակցելու նախկին յունահայ՝ այժմու գանատաբնակ մեր հայրենակիցներուն հետ, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ մանրամասնութիւններ խնդրեցին իմանալ Յունաստանի ընկերային իրավիճակի եւ յատկապէս յունահայ գաղութի կառոյցներու եւ միութենական գործունէութեան շուրջ։
(Յիշատակի լուսանկարներուն մէջ նախկին յունահայ շատ ծանօթ դէմքեր)
Նշենք, թէ մեր հայրենակիցները «Ազատ Օր»ի հաւատարիմ ընթերցողներն են ու մեր կայքէջի եւ Դիմատետրի (Facebook) միջոցաւ, ամէն օր, կ'ընթերցեն մեր թերթի լրատուութիւնը, տեղական թղթակցութիւնները, յայտարարութիւնները, իրենց կապը ամուր պահելով յունահայ գաղութի միութենական թէ ընկերային առօրեային հետ։
Գնահատելով այս աշխատանքը, անոնք սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին «Ազատ Օր»ի ֆոնտին։
Ընկ. Ալիս Դաւիթեան նուիրեց 450 եւրօ։
Պրն. Մանուէլ Շեհիրեան 350 գանատական եւ 200 ամերիկեան տոլար։
Պրն. Սերգօ Պոյեաճեան 300 գանատական տոլար։