Լիբանանահայութիւնը Պուրճ Համուտի հրապարակէն իր քայլերը ուղղեց դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր գտնուող Լիզպոնի տղոց շիրիմը ուխտատեղիի մը խորհուրդն ու պատգամը կը բովանդակէ: Քալեցին լիբանանահայերը ու անոնց միացան 30 ֆրանսահայեր, որ Լիբանան գացած էին ուխտագնացութեան։
Քայլարշաւը առաջնորդուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբով։
Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա բոլոր ներկաները 5 հերոսներու հոգիներուն համար մոմեր վառեցին եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին անոնց շիրիմին վրայ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Նազօ Փոլատեան եւ ԼԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Գօգօ Էքմեքճեան
Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, որ Լիզպոնի հինգին գերմարդկային նուիրագործումը կը պարտադրէ վեր բարձրանալ անձնականէն եւ հաւաքականը առաջնահերթ նկատել: Իր խօսքը Սագոյի, Վաչէի, Արայի, Սեդրակի եւ Սիմոնի հետ երկխօսութեան ձեւով դրսեւորելով՝ բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ անցնող 30 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի, սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի, նաեւ Հայ դատի կեանքին մէջ արձանագրուած հիմնական իրադարձութիւնները, հայութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները եւ այն քայլերը, զորս կ՛առնուին հայութեան ինքնութեան, Հայ դատի պայքարի հետապնդման ի խնդիր: Ան հաստատեց, որ տղոց սերընդակիցները տակաւին կ՛ապրին իրենց 5 ընկերներուն կարօտով։
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով: