Չորսօրեայ փառատօնին ընթացքին ՀՄԸՄ յաջողեցաւ իր միութենական վահանին տակ համախմբել աւելի քան երեսունհինգ հազար հայեր
Հաճելի զուգադիպութիւն մըն է այն, որ 38 տարիէ ի վեր, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՄԸՄի ամէնամեայ մարզական խաղերն ու փառատօնը տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին: Ըստ աւանդութեան՝ այս տարի եւս, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ Նաւասարդեան մարզախաղերու յանձնախումբի ճիգերով, 3-6 Յուլիսին տեղի ունեցան ՀՄԸՄի մարզախաղերն ու փառատօնը՝ Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլին մէջ, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄի Քալիֆորնիոյ 18 մասնաճիւղերու մարզիկներու, սկաուտներու, ամէն տարիքի միութենականներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան: Չորսօրեայ փառատօնին ընթացքին ՀՄԸՄ յաջողեցաւ իր միութենական վահանին տակ համախմբել աւելի քան երեսունհինգ հազար հայեր, որոնք անգամ մը եւս եկան իրենց յարգանքն ու նուիրուածութիւնը յայտնելու Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան եւ անոր ազգանուէր գործունէութեան:
Չորս օրերու ընթացքին Հայ Սքուլի մարզադաշտերը յորդեցան խանդավառ մարզիկներով եւ զիրենք քաջալերելու եկած հարազատներու ներկայութեամբ: Վայրը կը թնդար տարբեր մարզախաղերու գնդակներով, մարզիկներու վազքերով եւ ի պատիւ ՀՄԸՄի յաղթանակի կանչերուն երիտասարդական ոգիով: Կողովագնդակ, ոտնագնդակ, ձեռնագնդակ, մէկ քայլ ոստում, լող, Tennis եւ Table Tennis. ահա՛ այն մարզախաղերը, որոնք կիրարկուեցան մեծ ոգեւորութեամբ: Առաջին անգամ ըլլալով այս փառատօնը ընդգրկեց նաեւ մանկական յատուկ խաղավայր մը, ուր փոքրիկները առիթը ունեցան առաւելագոյն չափով զուարճանալու:
Ինչ կը վերաբերի մրցաշարքերու արդիւնքներուն, ապա կողովագնդակի առաջնութիւնը խլեց «Արարատ» մասնաճիւղը, ոտնագնդակի մէջ առաջին հանդիսացաւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, ձեռնագնդակի Ա. տեղը գրաւեց «Մասիս»ը, մէկ քայլ ոստումի առաջին երեք դիրքերը յաջորդաբար խլեցին «Ազատամարտ»ը, «Շանթ»ը եւ «Մասիս»ը: Լողի մէջ առաջնութիւն ստացաւ «Մասիս»ը, թենիսի մրցաշարքի աւարտին Ա. հանդիսացաւ «Սարդարապատ»ը, սեղանի թենիսի առաջնութիւնը խլեց «Արարատ»ը:
Փառատօնի իւրաքանչիւր գիշեր յատկանշուեցաւ գեղար-ւեստական յայտագիրով: Ամէն երեկոյ մթնոլորտը խանդավառեցին հայաստանցի եւ սփիւռքահայ հանրածանօթ երգիչներ, որոնք հանդէս եկան ժողովրդային, ազգային ու յեղափոխական շարք մը երգերով:
Չորսօրեայ փառատօնին ընթացքին, ՀՄԸՄի 18 մասնաճիւղեր, հայկական տարբեր հաստատութիւններ եւ ուտեստեղէնի ներկայացուցիչներ մարզադաշտի համալիրէն ներս տեղադրուած կրպակներու ճամբով մեծապէս նպաստեցին փառատօնի յաջողութեան:
ՀՄԸՄի 38րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն նուիրուած փառատօնը յատկանշուեցաւ 18 մասնաճիւղերու տողանցքով: Խրոխտաբար տողանցեցին ՀՄԸՄի մարզիկներ, կակուղ թաթիկներու, գայլիկներու վոհմակներ, արիներ եւ արենոյշներ՝ մեծապէս ոգեւորելով ներկաները: Տողանցքը եզրափակուեցաւ պաշտօնական բաժինով մը, որուն ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, շերիֆ Լի Պաքա, ԱՄՆ Ծերակոյտի անդամ Պրետ Շըրմըն, Նաւասարդեան յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Դաւիթեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Ապրահամեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Դաւթեան եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ի ներկայութեան փառատօնի պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ալին Նուռեաններու, «Տիպար ՀՄԸՄական» Զարեհ Էքմէքճեանի, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրերու, որոնց շարքին էին ԱՄՆի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Արտակ Գալուստեան, Լիբանանի հիւպատոս Ճանի Իպրահիմ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Եագուպեան եւ շրջանի միութիւններու ու քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Տողանցքի աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն: Յայտնենք, որ առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄի 38րդ մարզախաղերու տողանցքը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «US Armenia» հեռատեսիլի կայանէն: