Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Գանատայի խորհրդարանի անդամ, ծագումով յոյն Ճիմ Քարաեանիս, նախաձեռնած է Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի մը մշակման գործին՝ Գանատայի խորհրդարանէն ներս:
Այս աշխատանքի ծիրէն ներս, ելեկտրոնային նամակարշաւ եւ քուէարկութիւն սկսած է համացանցի միջոցաւ, ուր

մասնակցութիւն կրնան բերել բոլոր փափաքողները:
Յունաստանի պոնտոսցիներու երիտասարդական միութիւնը կոչ մը յղած է մամուլին, տեղեակ պահելով հանրութիւնը կարեւոր այս նախաձեռնութեան գծով եւ կոչ ուղղելով մասնակցիլ ելեկտրոնային քուէարկութեան, հետեւեալ հասցէին միջոցաւ՝
http://www.karygiannis.net/pontos

 

Պոնտոսցիներու երիտասարդական միութեան կոչը յիշեցում կը կատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի գծով, նշելով թէ Ճիմ Քարիեանիս Ապրիլ 2004ին Գանատայի խորհրդարանի վաւերացման  ներկայացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ բանաձեւ, որ ընդունուած էր խորհրդարանին կողմէ: