Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պոսթըն
Մասաչուսէցի ոստիկանապետ Փիթըր Գութուճեան (Դեմոկրատական), որ իր թեկնածութիւնը  առաջադրած է ԱՄՆԻ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու տան թափուր աթոռի լրացուցիչ ընտրութիւններուն, այցելեց «Հայրենիք»: Այս հանդիպման ներկայ էին ներկայացուցիչներ Հայ Դատի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի,

Պոսթընի Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» Կոմիտէի, Համազգայինի, Հ.Օ.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչներ: Այս հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն «Բաբգէն Սիւնի» ակումբէն ներս:
Ծանօթ է թէ, Գութուճեան պիտի մասնակցի Մասաչուսէցի հինգերորդ ընտրաշրջանի քոնկրէսական աթոռին շուրջ պայքարին, փոխարինելու համար Էտ Մարքին, որ Յունիս 25-էն ի վեր ընտրուած է ծերակուտական, փոխարինելով արտաքին գործոց նախարար ընտրուած Ճոն Քերին:
52 տարեկան Գութուճեան (ծնած՝ 1961-ին), իր նախընտրական քարոզարշաւին գծով պատրաստած է տեսաերիզ մը, որուն մէջ կը ներկայացնէ իր քաղաքական գործունէութիւնը: Նաեւ, ան կ՛անդրադառնայ, իր հայկական արմատներուն մասին:
Գութուճեան անցեալ Նոկեմբերին քուէներու աւելի քան 77 առ հարիւր համեմատութիւնը ստանալով, վերընտրուած էր Միտըլսէքսի  (Մասաչուսէց) շէրիֆ: