Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀՌՈՄ

Լարուածութիւն կը տիրէ Իտալիոյ մէջ համախոհական կառավարութեան շարքերէն ներս, ի տես Գերագոյն դատարանի վերահաս մարմնոյ դատավճռին՝ Պերլուսքոնի-Mediaset հեռուստատեսութեան կայանի հարկային գայթակղութեան հարցով:

Պերլուսքոնիին զօրավիգ կը կանգնի կեդրոն-աջ խմբակցութիւնը, որ համերաշխութեան որպէս քայլ՝ խնդրած է խորհրդարանի երեք օրուայ ընդմիջում «անհրաժեշտ մտորումներու» համար:

ՓԱՐԻԶ

Ֆրանսայի նախարարաց խորհուրդը որոշեց  լուծել երկրէն ներս գործող ծայրայեղ աջակողմեան երեք կազմակերպութիւններ, քաղաքացիները խտրականութեան եւ ատելութեան մղող իրենց գործունէութեան պատճառով: