Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծ նախաձեռնելու խոստման հարցով, Ֆրանսայի հայ համայնքը յստակ դիրքորոշում ունի, ակնկալելով այդ խոստումի իրականացումը:
Այս հարցի մասին NEWS.am-ին խօսած է Հայ Դատի ֆրանսական գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեանը, դիտել տալով թէ հայ համայնքը վերջին անգամ օրինագիծի վերաբերեալ հարցը բարձրացուցած էր Ապրիլ 24-ին, եւ ներկայիս կը սպասէ, որ Ֆրանսայի նախագահը կատարէ իր խոստումը. «Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդը եւ իր կազմի մէջ մտնող կազմակերպութիւնները կը նախընտրեն ամբողջ հայ համայնքի դիրքորշումը արտայայտող յայտարարութիւն մը ընել» ըսած է ան:
Վարժապետեան նշած է, որ այդ հարցի վերաբերեալ հայկական առանձին կազմակերպութիւններու տարբեր յայտարարութիւնները ցանկալի արդիւնքի չեն յանգեցներ, քանի որ բաւականաչափ նշանակալի չեն ըլլար. «Ի վերջոյ, այդ հարցով, որը կարեւոր է ոչ միայն Ֆրանսայի հայ համայնքին, այլեւ ողջ հայութեան համար, պէտք է զբաղուին կազմա-կերպութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն ամբողջ համայնքի շահերը: Հակառակ, որ մենք յաճախ կը կիսենք իրենց դիրքորոշումը, այդուհանդերձ, հարցը պէտք է բարձրացնէ կազմակերպութիւնը, որը երկրին մէջ կշիռ ունի»:
Ինչպէս կը յիշեն մեր ընթերցողները, 2012ի Յուն-ւար 23-ին Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ, որը, սակայն, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը վճռած էր որպէս Սահմա-նադրութեան հակասող: Իրադարձութիւնները տեղի ունեցած էին նախա-գահական ընտրութիւններու նախաշեմին, եւ երկու թեկնածուները՝ թէ Ֆրանսուա Հոլանտը, թէ Նիքոլա Սարքոզին նախագիծի կողմնակիցներն էին: Ներկայիս նախագահ Հոլանտը խոստացած է նոր օրինագիծ նախաձեռնել: