«Իրանի Նորընտիր Նախագահէն Հայ Համայնքին Թիւ Մէկ Պահանջը
Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Է»
Tert.am կը հաղորդէ, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի երեսփոխան Կարէն Խանլարեան Իրանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն ետք նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիէն հայ համայնքի սպասումներուն եւ պահանջներուն շուրջ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ հայ համայնքը արդէն ներկայացուցած է իր պահանջները, որոնց մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը:
«Նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ թեկնածուներէն բոլորն ալ ընդառաջած են մեր պահանջներուն, եւ հիմա մենք պէտք է պնդենք մեր այդ պահանջներուն վրայ: Իսկ հայ համայնքի գերխնդիրը կը շարունակէ մնալ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Ռուհանիէն կ՛ակնկալուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պահել իր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ: «Մենք այդ մէկը պիտի պահանջենք պրն. Ռուհանիէն», յայտնած է Խանլարեան՝ նշելով, որ անհրաժեշտ է սպասել 24 Ապրիլ 2014-ին առիթով Իրանի պաշտօնական յայտարարութեան կամ կեցուածքին:
Ինչ կը վերաբերի նորընտիր նախագահին, հայազգի երեսփոխանը նշած է, որ կարելի չէ ըսել, որ ան մոլի բարեկարգչական է:
Ըստ Կարէն Խանլարեանի, Իրանի մէջ տեղի ունեցած նախընտրական եռուզեռը կը վկայէր այն մասին, որ Իրանի մէջ ժողովուրդը կը փորձէր տնտեսական հարցերը կապել նախագահին, որովհետեւ ակնկալիքները մեծ են յատկապէս տնտեսական հարցեր լուծելու համար, եւ բոլոր թեկնածուներն ալ իրենց նախընտրական ծրագիրները կազմած էին տնտեսական հարցերու հիման վրայ: «Ընտրութիւններուն ընթացքին ժողովուրդին 73 առ հարիւրը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, եւ ժողովուրդի այդպիսի մասնակցութիւնը ցոյց տուաւ, որ մարդիկ շահագրգիռ են իրենց ընկերային-տնտեսական հարցերը օրինական ճամբով լուծելու», ըսած է ան:
Հայազգի երեսփոխանը յոյս յայտնած է, որ հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն մէջ նորընտիր նախագահը դրական, մարտավարական փոփոխութիւններ իրականացնէ: «Մենք կը տեսնենք, որ Իրան-Հայաստան կապերը Ռուհանիի ուշադրութեան տակ են», ընդգծած է Կարէն Խանլարեան: