Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան միջնաբերդը նկատուող Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ երէկ տեղի ունեցած է ուժգին պայթում մը,
որուն հետեւանքով արձանագրուած են 50է աւելի վիրաւորներ: Քաոսային վիճակ տիրած է պայթումէն անմիջապէս ետք, երբ տարաձայնութիւններ տարածուած են, թէ երկրորդ ականուած ինքնաշարժ մը գոյութիւն ունի, սակայն աւելի ուշ բացայայտուած է, թէ այդ տարաձայնութիւնները իրականութեան չէին համապատասխաներ: