Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) քարոզչական յանձնախումբին 24 Յունիսին,  «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արաբերէնով դասախօսական երեկոյ մը՝ «Ղարաբաղ. ազգի մը մարտնչումը (Կովկասի մէջ հայ-ատրպէյճանական տագնապ)» նիւթով:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Ազգային ազատականներ կուսակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակ- ցութեան ուսանողական թեւերուն ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շողեր Յովհաննէսեան, որ արաբերէնով եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Արցախի տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի ապօրինի ծնունդին եւ Ստալինի կողմէ Ղարաբաղը Ատրպէյճանին բռնակցելու որոշումին: Պատմական ընդհանուր ակնարկով մը Շողեր Յովհաննէսեան անդրադարձաւ արցախեան ազատագրական պայքարին, որ 1992ին պսակուեցաւ Շուշիի եւ Լաչինի անցքին ազատագրումով ու Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանին կցումով:
Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ «վիտէօ-երիզ» մը, որ քաղուած էր «Ռուսիա Ալ Եաում»ի կողմէ պատրաստուած «Ղարաբաղ. անցեալի վէրքեր եւ ապագայի յոյսեր» անունը կրող վաւերագրական ժապաւէնէն:
Տեսաերիզին ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ ամբողջական պատմականը կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապին, Խորհրդային Մի- ութեան օրով կատարուած պատմական մեծ սխա- լին, Ստալինի կողմէ 1921ին տրուած Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանին կցելու որոշումին եւ երկու տարի ետք այդ որոշումին գործադրութեան, պատմութեան ընթացքին ղարաբաղցիներուն դէմ գործուած ատրպէյճանական սպանդներուն, յատկապէս Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ հայութեան դէմ գործուած ջարդերուն ու կոտորածներուն, հազարաւոր հայերու բռնագաղթին, ինչպէս նաեւ մշակութային ջարդերուն: Նաեւ Վ. Եագուպեան լուսարձակի տակ առաւ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին  սկիզբը եւ անոր շրջանցած տարբեր փուլերը, մին- չեւ հայկական հողերուն ազատագրումն ու անկախութեան հռչակումը: