ԱՄՆի ծովուժի քարտուղար Ռէյ Մէյպըս յայտարարած է, թէ ծովուժին համար կառուցուող «Արլէյ Պրուք» մակարդակի յաջորդ խորտանաւը պիտի կրէ ծովուժի նախկին քարտուղար՝ ամերիկահայ Փօլ Ինկէյշըսի անունը: Խորտանաւին պաշտօնական անունը պիտի ըլլայ՝ «USS Paul Ignatius (DDG-117)»:
Փօլ Ինկէյշըս այդ պաշտօնը ստանձնած էր 1967-1969ին: Ան նաեւ նախագահ Լինտըն Ճոնսընի իշխանութեան օրերուն, պաշտպանութեան նախարարի օգնականներէն մէկն էր:
1920ին Կլենտէյլ ծնած Փօլ Ինկէյշըս զաւակն է Յովսէփ Իկնէյշըսի եւ Էլիզա Ժամկոչեանի: