Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թուրքմէն ընդդիմադիր ղեկավարներ, որոնցմէ շատեր Թուրքիա աքսորուած են, կը պնդեն, որ Թուրքիան իրենց համայնքին համար մշակութային «հայրենիք» մըն է, թուրքմէնները յանձնառու են բազմապաշտական, հողային ամբողջականութեան տէր Սուրիոյ մը,

որ օժտուած է վարչաձեւով մը, որուն մէջ երկրին բոլոր ազգային եւ յարանուանական խմբաւորումները ներկայացուած են եւ Արաբական Պաաս կուսակցութեան կողմէ իշխուած չէ:

«Ճէյմզդաուն.օրկ» կայքէջի լրատուութեան համաձայն կը յայտնուի, թէ Սուրիոյ թուրքմէն համայնքը հետզհետէ աւելի մասնակից կը դառնայ երկրին ընդդիմադիր շարժումին։

Թուրքմէն ղեկավարներ կը հաստատեն, որ Հաֆեզ Ասատի կառավարութեան օրոք իրենց համայնքը Թուրքիոյ համար հաւանական «5-րդ զօրասիւն» մը կը նկատուէր, եւ Պաշշար Ասատ եւս, սուրիական ըմբոստութեան ծագումէն եւ թրքական կառավարութեան կողմէ սուրիական ընդդիմութեան ցուցաբերուած աջակցութենէն ետք, այդ նոյն կեցուածքը որդեգրած է։ Սուրիացի թուրքմէն ընդդիմադիր ղեկավարները ջանք կը թափեն, որպէսզի իրենց համայնքը երկրին մէկ բաղկացուցիչ մասը նկատուի եւ իրենց մշակութային եւ լեզուական իրաւունքները յետասատեան սահմանադրութեան մը մէջ երաշխաւորուին («Թուտէյզ Զաման» 17 Դեկտեմբեր, 2012)։

Սուրիոյ թուրքմէն համայնքի պահանջները տարբեր չեն Սուրիոյ քիւրտ համայնքի պահանջներէն, սակայն երկու համայնքները արդի Սուրիոյ մէջ լարուած յարաբերութիւններ ունին՝ թուրքմէններուն Թուրքիոյ հետ կապերուն եւ կարգ մը սուրիացի քիւրտերու քրտական ինքնավար շրջան մը ստեղծելու փափաքին պատճառով։ Սուրիացի թուրքմէն ղեկավարները կը յայտնեն, որ սուրիական հողերու վրայ ինքնավար «Արեւմտեան Քիւրտիստան» մը ստեղծելու քրտական որեւէ փորձ կը սպառնայ հազարաւոր թուրքմէններ գաղթական դարձնել («Թուտէյզ Զաման», 23 Յուլիս, 2012)։

Սուրիացի թուրքմէն զինեալ խմբաւորումներ մասնաւորաբար կը գործեն Լաթաքիոյ Ժապալ Թուրքմէն շրջանին, Հալէպի եւ անոր արուարձաններուն մէջ, ինչպէս Հանանօ շրջանին մէջ։ Կը հաղորդուի, որ Սուրիոյ տարածքին 10,000 թուրքմէն զինեալներ մաս կը կազմեն ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու եւ անոնց ամէնէն մեծ թիւը կը գտնուի Հալէպի եւ անոր անմիջական արուարձաններուն մէջ։ Հալէպի մէջ կարգ մը թուրքմէն զինեալ խմբաւորումներ Օսմանեան կայսրութիւնը յիշեցնող անուններ կը կրեն, ներառեալ «Սուլթան Մուրատ» եւ «Ապտիւլ Համիտ Ա» ջոկատներ («Թուտէյզ Զաման, 1 Ապրիլ)։