Քալիֆորնիայի բանտարկեալներու ներման դիմումները քննող յանձնաժողովը այսօր քննութիւն կ'իրականացնէ ընդունելու համար Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը:
Յիշեցնենք, որ Համբիկ Սասունեան դատապարտուած էր Լոս Անճելըսի մէջ 1982ին Թուրքիոյ գըլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեան ամբաստանութեամբ: Ան դատապարտուած էր ցմահ ազատազրկումով: Երեք տարի առաջ նման դիմում մերժուած էր յանձնաժողովին կողմէ: 31 տարի շարունակ Քալիֆորնիա նահանգի Սեն Լուիս Օպիզպօ բանտին մէջ ան շարունակեց ապրիլ Հայաստանով ու Արցախով, իր ժողովուրդի ուրախութիւններով ու ցաւերով: