Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Բողոքի ալիք կը յառաջանայ Ռուսաստանի մէջ: Լեզգիներու ազգային-մշակութային դաշնային ինքնավարութեան ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ Ռուսասատանի ամբողջ տարածքին մէջ ցոյցեր կը կազմակերպուին:

Դժգոհութեան պատճառը Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանները ճշդող համաձայնագրի նոր զարգացումներն են:

Երկու տարի առաջ նախագահներ Տմիտրի Մետվետեւի եւ Իլհամ Ալիեւի ձեռք բերած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ բնակիչներով հանդերձ Պաքուին յանձնուած էր Տաղըստանին պատկանող եւ լեզգիններով բնակեց-ւած 2 գիւղ:

Լեզգինները կը պնդէին, թէ հաւաստի տեղեկութիւններ ունին, որ Մոսկուան ատրպէյճանական կողմին կը պատրաստուի յանձնել լեռնային 3 արօտավայրեր նոյնպէս: