ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԷՋ ԵՂԱԾ ՓՈՐՁԻ ՄԱՍԻՆ
Ազգային Ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զօհրաբեան յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդած է, օրին տեղեկացուած Եւրոպայի Խորհուրդի վեհաժողովի նիստէն ներս կատարուած փորձի մասին, երբ Սթրազպուրկի մէջ,
շուրջ 30 ատրպէյճանամէտ երեսփոխաններ, Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարներու յանձնաժողովի հերթական նախագահութիւնը Հայաստանի ձեռքէն առնելու ուղղութեամբ դիմում մը ներկայացուցած են, սակայն Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) մերժած է զայն: Ըստ ԵԽԽՎ-ի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանի, այդ քայլին նախաձեռնած է Մեծն Բրիտանիոյ երեսփոխան Մայքըլ Հանքոք, որ ծանօթ է իր ատրպէյճանամէտ հայեացքներով: Այդ երեսփոխաններուն կողմէ ներկայացուած նշեալ դիմումին մէջ Հայաստան կը բնորոշուէր որպէս «յարձակող» պետութիւն:
Նայիրա Զօհրաբեան վեհաժողովի լիագումար նիստին, Յունիս 26ին, իր ելոյթին մէջ յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան Եւրոպայի Խորհուրդին մէջ ստեղծած է «փաստաբաններու» իր խումբը, որ կը չէզոքացնէ ատրպէյճանական իշխանութեան շահերուն չհամապատասխանող ամէն ինչ:
«Այսօր մենք տեսնում ենք, թէ ինչպէս է քաղաքական կոռուպցիան քայքայում ժողովրդավարական արժէքները, տեսնում ենք, թէ ինչպէս են հէնց մեր Վեհաժողովում շատ յարգարժան պատգամաւորներ դառնում այս կամ այն երկրի վճարովի լոբբիստը», յայտարարած է Զօհ- րաբեան, կոչ ընելով միջոցներու ձեռնարկելու Վեհաժողովէն ներս գոյութիւն ունեցող քաղաքական կաշառակերութեան դէմ:
Ն. Զօհրաբեան խօսելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին, ահազանգ հնչեցուցած է ատրպէյճանական քարոզչութեան ամէն օր քիչ մը եւս կտրած ճամբուն մասին: «Արդէն իսկ ակնյայտ է տրամադրութեան լրջագոյն փոփոխութիւն միջազգային կառոյցներում, արդէն իսկ բողոքը առ այն, որ Ադրբեջանն իր կաշառք տալու քաղաքականութեամբ ուղղակիօրէն այլասերում է միջազգային կառոյցները: Այդ մասին արդէն շատ բաց են խօսում թէ՛ այստեղ, թէ՛ Եւրախորհրդարանում» ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան այդ նախագահութիւնը ստանձնեց Մայիս 16ին՝ վեց ամսուան համար. Նոյեմբերին այդ լիազօրութիւնը կը փոխանցուի Աւստրիոյ, այնուհետեւ՝ գալ տարուան Մայիսին՝ Ատրպէյճանին:
* * *
Յունիս 27ին ալ, Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ամառնային նստաշրջանի լիագումար նիստերու աւարտէն յետոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւնները հանդիպում մը ունեցած են, որուն մասնակցած է նաեւ ԵԽԽՎ-ի նախագահ Ժան-Գլօտ Մինիոն:
Երկու ժամ տեւած հանդիպումին մասին Մինիոն, կռուող աշակերտներ հաշտեցնելու միտող ուսուցիչի մանկավարժական ոճով ըսած է. «Այս հանդիպում մըն էր ընկեր- ներու՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի խորհրդարանականներու միջեւ, ԵԽԽՎ-ի նախագահի ներկայութեամբ: Մենք որոշեցինք որպէս ընկերներ հանդիպիլ այստեղ՝ ժողովրդավարութեան տան մէջ եւ քննարկել, թէ ի՛նչպէս կրնանք միասին կառուցանել մեր աշխատանքը: Պէտք է ըսեմ, որ ես զգացի երկու կողմի անկեղծ քաղաքական կամքը միացեալ գործունէութեան համար: Մենք հանդիպում կÿունենանք նաեւ գալ նստաշրջանին»: