Հակառակ արեւելեան Միջերկրականի մէջ գործող ծովային իր ուժերուն, Ռուսաստանը պարպեց Սուրիոյ Թարթուս շրջանի ծովային իր խարիսխին մէջ ծառայող զինուորական եւ քաղաքական պաշտօնէութիւնը:
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը եւ լարուած վիճակը անյետաձգելի դարձուցին այս որոշումը, քանի որ Ռուսաստան տրամադիր չէ ներգրաւուելու հարցին մէջ, ոչ ալ վտանգի ենթարկելու ռուսական ռազմակայանի անձնակազմը:
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ռուսական միակ այս խարիսխին մէջ կ'ենթադրուի որ հազիւ քանի մը տասնեակ մարդ մնացած է ներկայ պահուն:
Վերջին շաբաթներուն ընթացքին Ռուսաստանը երկրէն հարկադրաբար դուրս բերաւ իր բոլոր քաղաքացիները: