Թաւրիզ, Ազգային Առաջնորդարան -Հինգշաբթի 20 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Հ.Օ.Միութեան Թաւրիզի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, միութեան «Ծերունի Գասպարեան» Մանկապարտէզ-Նախակրթարանի տարեկան դաշտահանդէսը կատարուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի պարտէզին մէջ:
Դաշտահանդէսի խանդավառ եւ հաճելի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ պրն. Ռուբիկ Ջանանեանի, Հ.Օ.Մ.-ի վարչականներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հրաւիրեալներ: Կրթօճախի ուսուցչական կազմի ժրաջան անդամներ՝ Նայիրի եւ Անի Դիլանեաններու, ինչպէս նաեւ երգի եւ արուեստի ուսուցիչներ Կարէն Սարգիսեանի, Նարինէ Սայադեանի եւ Արլէն Պատալեանի կողմէ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներով, աշակերտները ելոյթ ունեցան, իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները ներկայացնելով:
Կէսօրուան ճաշին ու ատոր յաջորդած քաղցրեղէններու հիւրասիրութիւնը ծնողական խորհուրդին կողմէ, Ազգային Առաջնորդարանի վիթխարի ծառերու շուքին ներքեւ, բազմապատկեցին դաշտահանդէսէն ստացուող հաճոյքը:
Ամբողջ տարուան յոգնութենէն եւ հեւքոտ աշխատանքէն ետք, հանգիստի այս ձեռնարկը ե՛ւ ուսուցչական կազմին, ե՛ւ ծնողներուն, ե՛ւ աշակերտներուն համար իսկական վայելք դարձաւ:
Այս առիթով, Հ.Օ.Միութեան վարչութեան եւ Ծնողական խորհուրդին կողմէ մասնաւոր յուշանուէրներով գնահատուեցան ուսուցչական կազմի բոլոր անդամները: