Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Շինութեան ընդհանուր ծախսերը կը նախատեսուին աւելի քան չորս միլիոն եւրօ 

Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ դպրոցը իր նոր կրթական համալիրի շինարարական փուլը թեւակոխեց… տասնհինգ-քսան տարուան ուշացումով։

Անցեալ Երեքշաբթի օր բեռնարկառքերը փոխադրեցին շինարարական սարքերն ու ապրանքները դպրոցին շրջաբակէն ներս։ Առժամեայ կերպով պիտի շինուին երկու դասարաններ, ուր պիտի տեղափոխուի նոր դպրոցի հողամասին վրայ գտնուող նախկին դասարաններու աշակերտութիւնը, որմէ ետք պիտի սկսի շինարարութիւնը, որուն տեւողութիւնը պիտի ըլլայ մէկ ու կէս տարի։

Փարիզէն «Նոր Յառաջ» կը տեղեկացնէ թէ ներկայ շինութեան հողամասին տէրն է Փարիզի Հայ Առաքելական Եկեղեցին, որ շինարարական պայմանագիր մը ստորագրած է «Հայ Մշակոյթի Զարգացման Ընկերակցութիւն» Ֆրանսա»-ի հետ (APCAF- Association pour la Promotion de la Culture Armռnienne en France), որ Ֆրանսայի թեմին մշակութային թեւն է (Թեմը իբր 1905ի օրէնքին ենթակայ կրօնական ընկերակցութիւն, իրաւունք չունի կրթական եւ մշակութային հարցերով զբաղելու)։ Ճարտարապետական այս նոր յղացումը գործն է Յակոբեան գրասենեակին։ Շինութեան ընդհանուր ծախսերը կը նախատեսուին աւելի քան չորս միլիոն եւրօ, որուն կէսէն աւելին գոյացած է արտասահմանէն՝ Գէորգ Արապեան կրթասէր անձնաւորութեան բացառիկ նուիրատուութենէն։ Պարոն Կարպիս Ջրբաշեան որոշիչ դեր կատարած ըլլալ կը թուի այս նուիրատւութեան ձեռքբերման մէջ։

Լրացուցիչ երկու միլիոն եւրօն գոյացնելու համար հանգանակութեան արշաւը սկսած է՝ «1000 նուիրատու … 2000 եւրոյէն» վերնագիրով։