Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յունիս 21-ին Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնէն ներս Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ Հայոց պատմութեան նիւթին նուիրուած մրցում, որ տարին անգամ մը կը կազմակերպուի:

Հայոց պատմութեան մրցումը այս տարի կը կրէր «Մեր հողը սուրբ է, ջուրը միւռոն, մարդիկ կերոն, Աստուած ամէնազօր» խորագիրը:

Մրցումին մասնակցեցան շուրջ 100 դպրոցական տարիքի աշակերտներ Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի շրջաններէն: Հայոց պատմութեան մրցումին ներգրաւուած էին նաեւ Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոններու պատմութեան խմբակներու սաները:

Վրաստանի ՀՕՄ-ի ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեանը յայտնեց թէ շուրջ 10 տարի է, որ ՎՀՕՄ-ը կը կազմակերպէ հայոց պատմութեան մրցոյթ, որու նպատակն է խրախուսել հայ երիտասարդներուն ուսումնասիրելու իրենց պատմութիւնը:

Նախատեսուած է նաեւ շարադրութեան մրցումի կազմակերպում: