Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Քորէայի Հանրապետութեան մէջ Յունիս 18ին կայացած ԵՈՒՆԵՍՔՈ-ի «Աշխարհի յիշողութիւն» ծրագրի կոմիտէի նիստին ընթացքին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր տնօրէնի որոշումով եւ Միջազգային խորհրդատուական կոմիտէի եզրակացութեան հիման վրայ՝

ծրագրի Միջազգային ցուցակին մէջ (Memory of the World International Register) արձանագրուած է «Արամ Խաչատրեանի ձեռագիր նօթաները եւ կինոերաժշտութիւնը», կը յայտնէ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը:

Հայկական դիմումը համալրեց աշխարհի բոլոր մայրցամաքներէն ներկայացուած քարէն մինչեւ ձայնային կրիչներու վրայ պահպանուող 299 փաստաթուղթ պարունակող ցանկը: Այսուհետեւ, Արամ Խաչատրեանի անունը կը դասուի այս ցանկին մէջ արդէն իրենց տեղը գտած աշխարհահռչակ այնպիսի երգահաններու հետ, ինչպիսիք են՝ Պեթհովըն, Պրամս եւ Շոփեն:

Այս տարի ցուցակին մէջ արձանագրուած անուններու ցանկը կը ներառէ Վրաստանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ համատեղ ներկայացուած «Վակրենաւորը» պոէմի ձեռագիրը, Գերմանիոյ կողմէ ներկայացուած Քարլ Մարքսի ինքնագիրով «Քափիթալ» աշխատութեան ձեռագիրը, 15-18 դարերու Լեհաստանի թագաւորութեան եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ կնքուած խաղաղութեան պայմանագիրները, Սպանիոյ կողմէ ներկայացուած «The Decreta of Leցn of 1188» վերտառութեամբ Եւրոպական խորհրդարանական համակարգի վերաբերեալ ամենահին փաստաթուղթը, 1497-1499 թուականներու Վասքօ տէ Կամայի Հնդկաստան կատարած ճամբորդութեան վերաբերեալ ձեռագիրը:

«Արամ Խաչատրեանի ձեռագիր նոթաները եւ կինոերաժշտութիւնը» դիմումը պատրաստուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ՝ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի եւ երգահանի որդին՝ Կարէն Խաչատրեանի օժանդակութեամբ: Դիմումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայան ներկայացուած էր 2010թ. եւ մինչեւ 2012 թուականը համալրուած էր յաւելեալ նոթաներու ձեռագիրներով:

Այսպիսով, «Աշխարհի յիշողութիւն» ծրագրին մէջ իր տեղը գտաւ հայկական երրորդ փաստագրական ժառանգութիւնը. 1997 թուականէն Հայաստանը ներկայացուած էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանով, իսկ 2011-էն՝ «Բենիամին Մարգարեանի կալակթիքաներու մասին ուսումնասիրութեամբ»:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի յիշողութիւն» ծրագիրը ծնունդ առած է 1992 թուականին՝ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող արխիւներու եւ գրադարաններու արժէքաւոր հաւաքածոներու անhետ կորուստը կանխելու նպատակով: