Անցնող գիշեր մինչեւ լոյս առաւօտ Հալէպի բնակիչները անցուցին վերջին տարուան ամենադժուար գիշերներէն մէկը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն տեղական աղբիւրները։
Մինչեւ լուսաբաց տասնեակ հրթիռներ ինկած են մինչեւ հայաբնակ թաղամասերու վրայ՝ յատկապէս Նոր Գիւղ, Վիլլաներ եւ Սրիան Ժտիտէ։
Յարձակող խմբաւորումէն մահացած է 65 մարդ, Սուրիոյ բանակէն զոհուած է երկու զինուոր, իսկ հրթիռներու հետեւանքով քաղաքացիներէն երկու հոգի մահացած է։
Նախնական տուեալներով հայերու մէջ զոհեր ու վիրաւորներ չկան։
Այժմ Հալէպի մէջ իրավիճակը համեմատաբար աւելի խաղաղ է,- «վերջին տարուան ամենադժուար գիշերներէն մէկը անցուցինք, հիմա դեռ կը շարունակուի, բայց թեթեւ ձայներ կը լսուին»,-կը յայտնեն Հալէպի աղբիւրները։
Նշենք նաեւ, որ ընդդիմադիրները երէկ Տէր Զօրի մէջ, ամբողջութեամբ այրեցին սուրիանիներու եկեղեցին։