Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, իր աշխատանքներու աւարտին հանդէս եկաւ երկու յայտարարութիւններով, որոնց բովանդակութիւնը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք ստորեւ.-

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ  ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, իր քննարկումներուն, խորհրդակցութիւններուն ու որոշումներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց Սուրիահայութեան: Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետին ու Ազգ. Կեդր. Վարչութեան կողմէ տրուած զեկոյցներու, ինչպէս նաեւ Սուրիահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակներու փոխանցած տեղեկութիւններուն ու մտահոգութիւններուն լոյսին տակ, Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ազնիւ ուշադրութեան կարեւորութեամբ կÿուզէ յանձնել հետեւեալ կէտերը.– 

1.– Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը բարձր գնահատանքով կ"ողջունէ Սուրիահայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին, Սուրիական հայրենիքին ամրօրէն կապուած մնալու ու իր համայնքային իրաւունքներուն տէր կանգնելու հաւաքական վճռակամութիւնը: Ժողովը իր խոր գնահատանքը կը յայտնէ Սուրիոյ հայութեան ծառայութեան լծուած մեր հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն ու գաղութի կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն, որոնք հակառակ Սուրիայէն ներս ստեղծուած դժուար պայմաններուն, նուիրումով իրենց կարելին կ"ընեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն ընդառաջելու: 

2.– Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ անցնող շուրջ երկու տարիներուն Սուրիահայութեան զօրակցութեան ու օժանդակութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին ու Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան տարած հետեւողական աշխատանքներուն: Ան նաեւ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայաստանի պետութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ մեր թեմերուն, գաղութներուն, կազմակերպութիւններուն ու անհատ ազգայիններուն Սուրիահայութեան օգնութեան գծով իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար: 

3.– Սուրիահայութիւնը ո՛չ միայն պատմական ու կազմակերպուած համայնք է, այլ նաեւ իր կարեւոր տեղը ու դերը ունի Սփիւռքի Հայ կեանքի մշակութային, կրթական, մարզական, տնտեսական ու պահանջատիրական մարզերէն ներս: Հետեւաբար, Սուրիահայ գաղութի վերականգնումը կը նկատենք համազգային առաջնահերթութիւն: Այս համոզումով հարկ է մեր ամբողջական ու անվերապահ զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտել Սուրիահայութեան նկատմամբ:  

4.– Մեկնելով այս իրողութենէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սուրիահայութեան օժանդակութեան հանգանակութեան կոչ ուղղեց: Մեր ժողովուրդի զաւակները սիրով ընդառաջեցին Վեհափառ Հայրապետի կոչին: Հաւաքուած գումարները Կաթողիկոսարանի ճամբով հանգրուանային կերպով փոխանցուեցան Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինին: Մեծապէս հրամայական է որ այս գործընթացը շարունակուի եւ մեր ժողովուրդի զաւակները շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Սուրիահայութեան օգնութեան աշխատանքներուն:  

5.– Սուրիոյ մեր համայնքը միշտ կը մնայ երախտապարտ սուրիական հայրենիքին ու իր ժողովուրդին: Մեր ժողովուրդը երբեք չի մոռնար որ Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ ժողովուրդը ընդունեց մեր բազմահազար զաւակները: Սուրիահայութիւնը միշտ կը մնայ սուրիացի ժողովուրդի կողքին, ջատաԳով՝ արդարութեան, խաղաղութեան ու քրիստոնեայ - իսլամ համակեցութեան ու միշտ պատրաստ՝ իր գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ձգտող աշխատանքներուն:  

6.– Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը կը վստահեցնէ Սուրիոյ մեր սիրելի ժողովուրդին, որ այս Սուրբ Աթոռը իր թեմերով ու կազմակերպութիւններով կը մնայ զօրակից ու աջակից: Վստահ ենք, որ Սուրիոյ մեր սիրելի քոյրերն ու եղբայրները պիտի ամրապնդեն իրենց ներքին միասնակամութիւնը, պիտի խորացնեն իրենց հաւաքական հաւատքը ու կռանեն իրենց կամքը՝ ի խնդիր Սուրիահայութեան վերականգնումին ու վերածաղկումին:

12-15 Յունիս 2013

  

ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵԼ

ԱՌԱՆՑՔԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը Կիլիկեան բոլոր թեմերը ներկայացնող աւելի քան հարիւր պատուիրակներու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 - ամեակի նշման: Այս ուղղութեամբ տրուած զեկոյցներու ու կատարուած քննարկումներու լոյսին տակ, Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը ընդգծեց հե- տեւեալ կէտերը.- 

1.– Ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին ուղղած իր Հայրապետական Պատգամին մէջ շեշտեց, «Սովորական ամեակ պէտք չէ դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Աշխարհաքաղաքական տարբեր պայմաններով ու շահերով յատկանշուող ներկայ աշխարհին մէջ, 100-ամեակի նշումը մարտավարական ու ռազմավարական նոր մօտեցում կը պահանջէ»: Արդ, այս ծիրէն ներս կատարուելիք աշխատանքները, ծրագրումները ու յարաբերութիւնները, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, յստակօրէն պէտք է արտայայտեն  100-ամեակին վճռական կարեւորութիւնը Հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ:  

2.– Բնականաբար իւրաքանչիւր գաղութ արդէն սկսած է ծրագրել 100-ամեակի նշումը՝ նկատի ունենալով իր ներքին դրուածքը ու շրջապատը: Արդ, իւրաքանչիւր գաղութ կարեւոր դեր ունի կատարելիք ու իւրայատուկ նպաստ ունի բերելիք 100-ամեակի համազգային նշման: Սակայն, տեղական նախաձեռնութիւններէն ու աշխատանքներէն անդին, անհրաժեշտ կը նկատենք համահայկական մաշտապով այնպիսի միջոցներու որոնումը, որով կարելի ըլլայ յաչս աշխարհին գործնապէս արտայայտել Հայ ժողովուրդի միակամ ու ամուր կեցուածքը Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման նկատմամբ: 

3.– Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումը առիթ պէտք է դառնայ վերանորոգ թափով շարունակելու մեր աշխատանքը Հայաստանի պետութեան, եկեղեցւոյ, Հայ Դատի մարմիններու ու քաղաքական կուսակցութիւններու ճամբով՝ ի խնդիր Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման: Այս շրջագիծէն ներս անհրաժեշտ է յատուկ աշխատանք տանիլ մասնաւորաբար այն երկիրներու կառավարութիւններուն մօտ, որոնք ցարդ չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:  

4.– Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր Հայ ժողովուրդի բռնաբարուած մարդկային իրաւունքներու հատուցումը կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ: Ցեղասպանութեան ճանաչում կ'ենթադրէ հատուցում: Այս ծիրէն ներս կ'ողջունենք 2012-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գումարած միջազգային համագումարը եւ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ այս ուղղութեամբ շարունակւող աշխատանքները՝ յատկապէս եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու գծով: Կ'ողջունենք նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձին գծով երկու Վեհափառ Հայրապետներուն հրապարակած միացեալ կոչը: Արդարեւ, քարոզչական, քաղաքական ու իրաւական երեսները Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն հարկ է սերտօրէն համադրել ու ներդաշնակել:  

5.– Կ'ողջունենք Հայաստանի պետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման պետական յանձնաժողովի յառաջացումը: Նման քայլ, մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը արտայայտող գօտեպնդիչ երեւոյթ է: Միանգամայն մեր սպասումն է, որ Հայաստանը ու Սփիւռքը իր մէջ ներառող ու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի հովանաւորութիւնը վայելող այս Յանձնաժողովը սոսկ ձեռնարկները «համարկարգող» մարմին չդառնայ, այլ՝ որոշակի ու յստակ որոշումներ առնէ՝ յատկապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը շեշտող ու համայն աշխարհին յիշեցնող:  

6.- Կ'ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրները եւ կոչ կ'ուղղենք մեր բոլոր թեմերուն, գաղութներուն ու կազմակերպութիւններուն, միասնական ու պահանջատիրական ոգիով ծրագրելու ու նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը:  

7.– Եւ ի վերջոյ՝ արձագանգելով Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, բոլոր միջոցներով հետապնդել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու անժամանցելի պահանջատիրութիւնը միջազգային արդարութեան ատեաններուն հասցնելու կարելիութիւնները:

12-15 Յունիս 2013