Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Աշխարհի մէջ շարունակուող հակամարտութիւններու եւ հալածքներու հետեւանքով, ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, անցեալ տարի, 2012ին մէջ, 7,6 միլիոն մարդ ստիպուած եղաւ իր բնակած վայրը լքելու:

Այս թիւի աւելի քան կէսը տեղահանուած է իր երկրի սահմաններէն ներս, յատկապէս հինգ երկիրներու՝ Աֆղանիստանի, Սոմալիոյ, Իրաքի, Սուտանի եւ Սուրիոյ մէջ:

ՄԱԿի փոխանցած տուեալներուն համաձայն, հրապարակ- ւած թիւերը ցոյց կուտան աշխարհի մէջ բռնի պայմաններու տակ տեղահանուած մարդոց թիւի աճը, որու մէկ մասը կը ձգտի ապաստան գտնել այլ երկրի մը մէջ, մինչ այդ իրաւաբանօրէն «անտեսանելի» վիճակի մէջ մնալով եւ գրեթէ ամբողջութեամբ՝ անպաշտպան:

Միջին հաշուով՝ 2012ի իւրաքանչիւր մէկ օր-ւայ մէջ, 23.000 մարդ իր տունը ստիպուած եղած է ձգելու: