Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հանրածանօթ ռոք երաժիշտ, հասարակական գործիչ Սերժ Թանգեանը Ֆեյսպուքի իր էջին մէջ գրած է որ միացաւ Թուրքիոյ կառավարութեան ուղղուած Միջազգային Ներում (Amnesty International) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ստորագրահաւաք-կոչին՝ վերջ տալու բռնութիւններուն եւ քաղաքացիներու խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն:

Amnesty International-ը ստորագրահաւաք կազմակերպած է, ուր կոչ կ'ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան անմիջապէս դադրեցնել խաղաղ ցուցարարներու դէմ կիրառուող բռնութիւնը, ապահովել կարծիքի ազատ արտայայտման իրաւունքը եւ անկախ հետաքննութիւն իրականացնել՝ ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժ գործադրած մարդոց յայտնաբերելու եւ պատժելու նպատակով: