Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 6-9 Յունիսին Մեծն Բրիտանիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային Ֆալքոն շարժում-դաստիարակչական ընկերվարական միջազգայնական կազմակերպութեան 26-րդ համաշխարհային համագումարը:

Միջազգային Ֆալքոն շարժման կ՛անդամակցին աւելի քան 60 կազմակերպութիւններ Հարաւային Ամերիկայի, Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի ցամաքամասերէն: Կազմակերպութիւնը միջազգային կրթական-դաստիարակչական շարժում է, որ կ՛աշխատի հզօրացնել երեխաները եւ երիտասարդները, որպէսզի աւելի գործօն դերակատարութիւն ունենան հասարակութեան մէջ եւ պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար: Սկզբունքներն են հաւասարութիւնը, խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնը, ընկերվարութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու համագործակցութիւնը:

ՀՅԴ Երիտասարդականը կ՛անդամակցի Միջազգային Ֆալքոն շարժում կազմակերպութեան: 26-րդ համաշխարհային համագումարին ՀՅԴ Երիտասարդականը ներկայացուցին Գէորգ Յակոբճեան ու Յակոբ Գրիգորեան (Մեծն Բրիտանիա):

Եռօրեայ նիստերուն ընթացքին տեղի ունեցան կանոնագիրի վերամշակում, յառաջիկայ երեք տարիներու աշխատանքային ուղեգիծի եւ ընելիքներու ճշդում, կազմակերպչական հարցերու քննարկում եւ նախագահի, ընդհանուր քարտուղարի եւ տարածքային ներկայացուցիչներու ընտրութիւններ: Յառաջիկայ երեք տարիներու աշխատանքային ծրագիրի հիմքը կազմեցին «համագործակցութիւն եւ միջազգայնացում», «հաւասարութիւն եւ ներգրաւուածութիւն», «խաղաղութիւն եւ առճակատում», «հաղորդակցութիւն եւ սեփականութիւն» հարցերը:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները ժողովականներուն ներկայացուցին ՀՅԴ Երիտասարդականի կառոյցը, նպատակները, աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ծանօթացուցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ներկայ իրավիճակը:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները աշխատանքային ծրագիրներու քննարկումներուն ժամանակ վեր առին միջազգային կազմակերպութիւններու ունենալիք դերակատարութիւնն ու ներգործութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու հատուցման եւ Արցախի հիմնախնդիրի արդար լուծման գծով: