Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւ ընդունեց, ուր ցաւ կը յայտնուի Ատրպէյճանի մէջ մարդոց իրաւունքներու հարցերու տխուր իրավիճակին կապակցութեամբ, հարցը կեդրոնացնելով նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու Իլգար Մամեդովի վրայ, որ   ընդդիմադիր դիրքերէ կը ներկայանայ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ:

Բանաձեւը քուէարկուած է քաղաքական բոլոր խումբերուն կողմէ, մինչ Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը յղում կը կատարէ իր քուէարկած բոլոր նախորդ բանաձեւերուն, նշելով թէ գերակայ կը մնայ Ատրպէյճանի մէջ մարդոց իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան օրէնքի հարցը, ուր մնայուն երեւոյթներ են լրագրողներու ձերբակալութիւնները եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամներու դէմ հալածանքները:

Բանաձեւը խստութեամբ կը դատապարտէ ընդդիմադիր գործիչի ձերբակալութեան դէպքը, մարդոց իրաւունքներու հարցերու հետզհետէ վատթարացող իրավիճակը, ընկերային ցանցերու միջոցաւ «պլոկըրներու» գործունէութեան սահմանափակումը, գործիչներու դէմ ոտնձգութիւնները եւ յարձակումները:

MEP խմբակցութեան կողմէ լուրջ մտահոգութիւն յայտնուած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ Ատրպէյճան ստանձնել Եւրոպայի Խորհուրդի 2014ի նախագահութիւնը, երբ Պաքու կը բռնաբարէ ազատ արտայայտութեան եւ մարդոց իրաւունքներու սկզբունքները, ինչպէս անոնք ճշդուած եւրոպական հասկացողութեան վրայ որդեգրուած բանաձեւերու ընդմէջէն:

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունելով Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի որոշումը դիտել տուած է, թէ «Եւրոպական խորհրդարանը անգամ մը եւս կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկաւ, կարեւորելով մարդոց իրաւունքներու վիճակը Ատրպէյճանի մէջ, երկիր՝ որ շատ հեռու կը շարունակէ մնալ ժողովրդավար հիմնական հասկացողութիւններէն եւ օրէնքի գործադրութենէն»: Ան շեշտած է, թէ «մենք կ'ակնկալենք որ Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ հաւատարիմ մնայ սկզբունքային իր կեցուածքին վրայ»: