Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

2014ին Եւրոպական Միութեան երկիրներէն ներս ընտրութիւններ պիտի կազմակերպուին։ Այս ընտրութիւններուն Եւրոպական Միութեան 12 անդամ պետութիւններ մէկական աթոռ պիտի կորսնցնեն Եւրոպական խորհրդարանէն ներս։
Որոշման նախագիծը վաւերացուեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդին կողմէ, 574 թեր քուէներով (71 դէմ եւ 39  ձեռնպահ), բայց վերջնական ու պաշտօնական

հաստատումը պիտի կատարուի բոլոր անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին, որ պիտի գումարուի 27¬28 Յունիսին։
Կրճատումները անհրաժեշտ են Լիզպոնի պայմանագրի ընդունումէն ետք, որ Եւրոպական Խորհրդարանի աթոռներու թիւը կը սահմանէ 751 տեղերու, ուր պէտք է մասնակցին նաեւ Խրուաթիոյ նոր ընդունուած եւրոերեսփոխանները։
Յունաստան աթոռ կորսնցնող երկիրներէն մէկն է։