Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութիւնը՝ բարոյական  ու  ազգային  արժէքներու ու  իտէալներու  աննկուն  առաքեալը

Երէկ Չորեքշաբթի 12 Յունիսի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւՄեծի Տանն Կիլիկիոյ

կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Ժողովը չորս տարին անգամ մը կը գումարուի, արժեւորում կը կատարէ անցնող շրջանի գործունէութեան, եւ միաբանութենէն ու թեմերէն ընտրուած պատգամաւորներու մասնակցութեամբ նոր ուղիներ կÿորոնէ, ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդի կեանքի ծաղկումին:

Բացման նիստին, յետ դիւանի ընտրութեան եւ օրակարգի ու ժամանակացոյցի որդեգրման, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Ան անդրադարձաւ ժողովուրդի սպասումներուն մասին, ըսելով. «Մեծ ակնկալութիւններ ունի մեր ժողովուրդը դարաւոր այս Սուրբ Աթոռէն։ Չենք կրնար, իրաւունք չունինք անտեսելու մեր ժողովուրդին տակաւ աճող կարիքներն ու սպասումները։ Չենք կըրնար, իրաւունք չունինք լուռ ու անտարբեր մնալու մեր ժողովուրդը յուզող տեղական կամ համահայկական խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ»։ Ապա, Վեհափառ հայրապետը գլխաւոր երեք կէտերու մասին անդրադարձաւ. 1) Սփիւռքը վերակազմակերպել ու վերակենսաւորել։ 2) Երիտասարդութիւնը շաղախել մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով։ 3) Պահանջատիրական պայքարին նոր որակ եւ ոյժականութիւն տալ։
Սփիւռքը վերակազմակերպելու եւ վերակենսաւորելու մասին խօսելով, Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Սփիւռքի կազմակերպման ու գոյատեւման մէջ ճակատագրական եղաւ դերը եկեղեցւոյ. նո՛յնը պէտք է ըլլայ այսօ՛ր Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման մէջ։ Մեր թեմական կառոյցները ու յատկապէս մեր ծուխերը, որոնք կը կազմեն հիմքը թեմի կամ գաղութի կեանքին, պէտք է դուրս գան իրենց ներամփոփ գոյավիճակէն ու ինքնակեդրոն գործունէութենէն՝ աւետարանչական ու դաստիարակչական առաքելութիւն ու ազգային ծառայութիւնը դարձնելով իրենց առաքելութեան մղիչ ոյժը»։ Երիտասարդութիւնը մեր կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելու մասին անդրադառնալով, վեհափառը ըսաւ. «Երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը մեր կեանքին՝ կը նշանակէ մեր համայնական կեանքը կազմող կառոյցներուն երիտասարդացում, անոնց մօտեցումներուն մասնագիտականացում եւ անոնց գործելակերպերուն ու գործունէութեան վերանորոգում։ Անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ կաղապարուած տեսակէտներէ, զմռսուած մտածողութենէ, սոսկ եղածը պահելու մտավախութենէն եւ մեր կեանքը վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու կամքով շաղախուած ու տեսիլքով զսպանակուած ընթացք մը ճշդել։ Երիտասարդութեան դերը ճշդորոշիչ է այս գծով»։
Իր պատգամին վերջին բաժինով Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ պահանջատիրութեան անհրաժեշտութեան, ու մանաւանդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած դերին մասին, եւ հաստատում կատարելով ըսաւ. «Ցեղասպանութիւնը ապրած եւ իր կաթողիկոսական կայքէն աքսորուած ծերունազարդ Սահակ կաթողիկոս հայ ժողովուրդի կեանքի ամէնէն ողբերգական պայմաններուն մէջ իր պահանջատիրական ձայնը բարձրացուց։ Նո՛յնը կատարեցին իրեն յաջորդող մեր հայրապետները։ Նո՛յնը պիտի շարունակենք կատարել մե՛նք՝ յանուն իրաւազրկուած մեր ժողովուրդին ու իր սրբազան դատին։ Իր ժողովուրդի մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, պայքարին ու պահանջատիրութեան հետ ինքզինք նոյնացուցած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ մնալ՝ վերանորոգ հաւատքով, նուիրումով ու տեսիլքով, Հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու աննկուն առաքեալը, Համահայկական մտածողութեան առաջընթաց ջահակիրը, Ազգային միասնականութեան ջերմ ջատագովը. Իր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն քաջ պաշտպանը»։
Ժողովի երկրորդ նիստը յատկացուեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի ատենագրութեան ներկայացման՝ տեսապնակի ճամբով, որ ամփոփ գիծերու մէջ տեսալսողական միջոցով պատկերացում տուաւ կատարուած աշխատանքներու մասին անցնող քառամեակին, որ քաղուած էր աւելի քան 150 էջերէ բաղկացած ընդարձակ տեղեկագիրէն: Ապա, յաջորդական երկու նիստերով տեղի ունեցաւ քննարկումը սոյն տեղեկագիրին: Արտայայտուած գաղափարներն ու արծարծուած մտածումները կը միտէին կրօնական դաստիարակութեան զարկ տալ, նախանձախնդրութեամբ մօտենալով մեր եկեղեցւոյ արժէքներուն, յատկապէս որոնելու համար միջոցներ՝ երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտեցնելու: Ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ ու բացատրութիւններ տրուեցան, սկզբունքով յառաջիկայ Սեպտեմբերին Ս. Էջմիածինի մէջ, երկու գահակալ կաթողիկոսներու՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի նախագահութեամբ գումարուելիք Եպիսկոպոսական Ժողովին մասին։ Ժողովը դրականօրէն արտայայտուեցաւ այն բոլոր աշխատանքներուն մասին, որոնք մեր եկեղեցին կը բանան օտարներուն, ծանօթացնելով մեր արժէքները, յատկապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց կալուածէն ներս:
Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան, Էջմիածին-ԱՆթիլիաս յարաբերութեան, Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, երիտասարդութեան նկատմամբ հոգածութեան, Հայ յարանուանութեանց հետ կապերու եւ այլ հարցեր պիտի քննարկուին: