Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող «Տը Սենտքեսըլ Կըրլզ» հատորի հեղինակ Քրիս Պոհճալեան Հինգշաբթի, Յունիս 6ին ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին մէջ գրած է անցեալ ամիս պատմական Հայաստան կատարած իր այցելութեան տպաւորութեան մասին՝ կեդրոնանալով

Խարբերդի եւ Տիգրանակերտի միջեւ գտնուող Չունքուշ գիւղին մէջ «98 կամ 99 տարեկան» վերապրողի մը՝ Ասիայի, հետ իր անակնկալ հանդիպումին վրայ:
Ան կը գրէ, թէ 1915էն առաջ աւելի քան 10,000 հայ բնակչութիւն ունե- ցող գիւղը ներկայիս գրեթէ ամբող-ջութեամբ քրտացած է, եւ տեղա-ցիները կը բաւարարուին ըսելով, թէ հայերը պարզապէս հեռացած են այնտեղէն:
Պոհճալեան կը գրէ, թէ Ասիան եւ անոր մայրը գիւղի միւս հայերուն նման չեն սպաննուած, որովհետեւ թուրք զինուոր մը իբրեւ կին առած է Ասիայի մայրը, որուն հետեւանքով, անոնք պարտադրուած են իրենց հայ ինքնութիւնը գաղտնի պահելու հարկադրանքին  տակ ապրիլ իրենց ամբողջ կեանքը:
«Հայկական Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հանդիպած էի անցեալին, ներառեալ՝ իմ մեծ ծնողներուս: Սակայն Ասիայի հետ հանդիպումս տարբեր էր: Ան Ուաշինկթընի, Փարիզի կամ Պէյրութի մէջ չէր: Ան հայկական Սփիւռքին մաս չէր կազմեր, այլ ան մէկն էր, որուն մայրը հասած էր վիհի սեմին, իսկ ինք կը շարունակէր ապրիլ հոն, ուր շատ հաւանաբար իր հայրն ու մեծ ծնողները սպաննուած էին», կը գրէ Պոհճալեան՝ աւելցնելով, թէ «միաժամանակ, ամենատխուր եւ ամենազօրաւոր աչքերը ունեցող» Ասիան շատ բան չէ պատ- մած իր անցեալին մասին եւ բաւարարուած է միայն հաստատելով այն իրողութիւնը, որ ինք հայ մըն է:
Ամբողջ յօդուածը կարդալու համար, այցելել www.washingtonpost.com
կամ «Ազատ Օր»ի Ֆէյսպուքի էջի յղումը: