Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ժողովին կը մասնակցին Յունահայոց թեմի պատգամաւորները

Չորեքշաբթի 12 Յունիսի առաւօտուն, Անթիլիա
սի մայրավանքին մէջ բացումը կը կատարուի Ազգային Ընդհանուր Ժողովին:
Ժողովին կը մասնակցին Յունահայոց թեմի պատգամաւորներ՝ թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Խորէն եպս. Տողրամաճեանը, 

Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեանը եւ պրն. Գեղամ Եաղճեանը:
Ժողովը կը գումարուի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ:
Չորսէն հինգ տարին անգամ մը գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովին պիտի մասնակցին թեմակալ առաջնորդները, աւելի քան 100 պատուիրակներ թեմերէ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Ազգային Ընդհանուր Ժողովը պիտի տեւէ երեք օրեր: Ան պիտի սկսի Վեհափառ հայրապետի պատգամով, ապա պիտի ներկայացուին ու քննարկուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրները: Հետեւեալ վեց գլխաւոր հարցերը ժողովին քննարկումներուն մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն.-
- կրօնական դաստիարակութիւն,
- հայեցի դաստիարակութիւն,
- երիտասարդութիւն,
- միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւն,
- Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակ,
- զօրակցութիւն Սուրիոյ հայութեան:

Անկախ ժողովական աշխատանքներէն, ժողովականներ ներկայ պիտի ըլլան Հինգշաբթի երեկոյեան Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունենալիք Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսին ու Հայ Մօր Տարուան նուիրուած Շնորհալի երգչախումբին համերգին, իսկ Ուրբաթ երեկոյեան պաշտօնական ճաշկերոյթին:
Շաբաթ առաւօտեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ: