Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՎԱՏԻԿԱՆ
Ֆրանկիսկոս պապը, արժանթինցի նախկին կարդինալ Պերկոլիօ, պապ ընտրուելէն ի վեր սկսած է նեղութիւն պատճառել Թուրքիոյ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ իր կեցուածքով։


Ինչպէս կը հաղորդէ յունական skai.gr կայքէջը, իր լուրը քաղելով իտալական «Իլ Մեսաճէրօ» թերթէն, ան դարձեալ արտայայտուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, նշելով թէ կը փափաքի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը նշել Ծիծեռնակաբերդի մէջ։
Ըստ իտալական թերթի հրապարակումին, Հայաստանի պետութիւնը պաշտօնական հրաւէր յղած է պապին, զինք Երեւան հրաւիրելով 2015ին, 100ամեակի նշումներուն ներկայ գտնուելու համար։
Յունիս 7ին հանդիպում կայացած է ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեանի եւ պապին միջեւ, դեսպանի հաւատարմագրերու յանձնման արարողութեան ծիրէն ներս։ Քննարկուած են երկու եկեղեցիներու միջեւ երկկողմանի պատմական կապերը, հարուստ մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը։ 
Նշենք, որ պապը իր պաշտօնին վրայ ընտրուելէ ետք, հրապարակաւ արտայայտած է նախապէս արդէն մի քանի առիթներով յայտնած իր դիրքորոշումը, որ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան: Արդարեւ, Յունիս 3ին, կաթողիկէ հայոց պատրիարք-կաթողիկոս Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ն եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը ընդունելու առիթով վերստին կրկնած է իր տեսակէտը: Պատրիարքին ընկերացող կին մը Հռոմի պապին ըսած է, որ ինք Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ ընտանիքի մը աղջիկն է: Պապը բռնելով անոր ձեռքերը ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անցեալ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր: