Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՊՐԻՒՔՍԵԼ
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ  ՄԻՈՒԹԻՒՆ - ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի մամլոյ բանբեր՝ Փիթեր Սթանօ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին յայտնած է, որ Ռուսաստանի նախաձեռնած Եւրասիական կամ Մաքսային միութիւններուն մէջ Հայաստանի դէտի կարգավիճակը չի հակասեր այն

համաձայնագրերուն, որոնց շուրջ բանակցութիւններ կը տարուին Եւրոպական Միութեան հետ, սակայն Պրիւքսել կÿուզէ աւելի մանրամասնութեան տեղեկանալ անոնց մասին:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, Մինսքի մէջ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք Ռուսաստանի վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած էր, թէ Հայաստան կÿուզէ մասնակցիլ Մաքսային միութեան, ինչ որ հաստատուած էր նաեւ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ: «Այժմ պէտք է տեխնիկական մակարդակում որոշել, թէ ի՛նչ տեմպով եւ ինչ քայլերով առաջ ընթանալ», ըսած էր ան:
Աւելի ուշ, Հայաստանի վարչապետին բանբերը բացատրած էր, թէ Հայաստան կը գտնուի իւրայատուկ դիրքի մէջ, քանի որ չունի ընդհանուր սահման Մաքսային միութեան անդամ երկիրներուն հետ, եւ այս պայմաններուն մէջ կարելի է խօսիլ միայն գործակցութեան փոխադարձաբար ընդունելի ձեւաչափ գտնելու մասին:
Անդրադառնալով ձեւաչափի շուրջ այդ որոնումներուն՝ Պրիւքսել կը յիշեցնէ, որ հայկական կողմը պէտք է պատասխանատւութիւն ստանձնէ, որ այդ համաձայնութիւնները չհակասեն Եւրոպական Միութեան առաջարկած Ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագրի դրոյթներուն: