1918 Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան փառքը կազմած անմահներու շարքին դասուած են բոլոր անոնք, որոնք յատկապէս իշխանութեան եւ կառավարութեան կազմին հետ գործօն դերակատարութիւն ունեցած են երկրի բարգաւաճման գործընթացին մէջ:
Թաւրիզի քաղաքապետարանին տուած իր այցի ընթացքին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան ծանօթացաւ անոր թանգարանային ու այլ բաժանմունքներուն: 1934 թուին կառուցուած եւ Իրանի տարածքին գտնուող բոլոր քաղաքապետարաններու հնագոյնին պատմութիւնը հայու անուան առընչուած ըլլալով նոյնքան հետաքրքրական է, ինչքան ատոր շքեղ կառոյցը, գերմանացիներու օրով իրականացուած:
Քաղաքապետարանի ճարտարապետը եւ կառուցման վերահսկիչը Աւետիս Օհանջանեանն է, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Ծրագրաւորումի Նախարարը, որ Հայաստանի իշխանութեան Պոլշեւիկներու ձեռքը անցնելէն ետք, 1921-ին փախստական անցած է Պարսկաստան եւ հաստատուած Թաւրիզ: Ան թաղուած է Թաւրիզի Ազգ.Գերեզմանատան մէջ, որու շիրիմին վրայ Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2013-ին, թեմակալ առաջնորդին նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-րդ տարեդարձին եւ անոր ծննդեան 130ամեակին առիթով:
Աւետիս Օհանջանեան ծնած է 1883-ին Երեւան: Սա՝ համաձայն իր տապանաքարին վրայ գտնուած արձանագրութեան, որովհետեւ բնիկ թաւրիզեցի բանասէր Ալիս Նաւասարգեան իր հրատարակած «The Immortals» («Անմահները») հատորին մէջ (Գալիֆորնիա 2012թ.), Օհանջանեանի ծնունդը կը դնէ 1882-ին:
Թաւրիզ-Արասբարան ճանապարհը, Թաւրիզ քաղաքի Գիւլիստան փողոցին վրայ գտնուող ճարտարապետական համալիրը եւ շրջակայ պարտէզը, քաղաքի Մշակոյթի Տունը եւ ի վերջոյ քաղաքապետարանը, Աւետիս Օհանջանեանի ճարտարապետական կնիքը ու թողած մշակութային դրոշմը կը կրեն:
Սոյն քաղաքապետարանը Բ. Աշխարհամարտէն ետք ծառայած է իբրեւ Ատրպէյճանի Դեմոկրատ կուսակցութեան կեդրոնատեղի: Ապա Իրանեան բանակին կողմէ վերագրաւուելով, դարձեալ քաղաքապետարան իբրեւ կը ծառայէ մինչեւ այսօր: Ան ունի ժամացոյցի հսկայ գեղակերտ աշտարակ, որուն մէկ մասը վնասուած է 1990 թուին, երբ փորձեր կա- տարուած են վերելակ յարմարեցնելու անոր մէջ, նկատի ունենալով որ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն մէկը չէր կրնար սանդուխներով բարձրանալ, տարիքի բերումով: Աշտարակը վերանորոգուած է 2008 թուին եւ դարձած՝ քաղաքապետարանի թանգարանային բաժանմունքը:
Աւետիս Օհանջանեան 1883-1950 Հոգեհանգիստ Ա. Օհանջանեանի շիրիմին վրայ
Աւետիս Օհանջանեանի կենսագրութեան նախաթաւրիզեան ժամանակաշրջանը ուսումնասիրելով, զինք կը տեսնենք 18 Փետրուար 1921-ին «Փետրուարեան Ապստամբութիւն»ը գլխաւորողներու ցուցակին մէջ, «Արտակարգ Յանձնաժողովի նախագահ»ի դերով (տե՛ս Նաթելլա Գրիգորեան, «Ակունք», Երեւանի Պետական Համալսարանի Իջեւանի Մասնաճիւղ. Գիտական Յօդուածներու Ժողովածու, Թիւ 3 (6), Երեւան, 2012, էջ 22):
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արխիւներուն մէջ գոյութիւն ունի դատավճիռ մը, ուր կը ներկայացուի Ա. Օհանջանեանի բացած դատը Սիմոն Վրացեանի դէմ, մեղադրելով զայն շարք մը զեղծարարութիւններու եւ ինքնագլուխ գործունէութեան համար: Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինը, 11 Նոյեմբեր 1921-ին Թաւրիզի մէջ իր Գերագոյն Դատական Ատեանի միջոցով կը քննէ խնդիրը եւ որոշումներ կը կայացնէ ի նպաստ Վրացեանի, վեց ամսուան կախակայում տալով Ա. Օհանջանեանին ¥տես նամակի բնագրին հրատարակութիւնը՝ «ՀՅԴ Արխիւներու Հիմնարկ - Կուսակցական Դատ՝ Սիմոն Վրացեանի դէմ»):
Մարդկային արժանիքները եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան ճամբով բերած իր ծառայութիւնները, Աւետիս Օհանջանեանը կը դարձնեն Հայրենիքի Առաջին Հանրապետութեան փառքի յուշարարներէն, որ իր յաւիտենական հանգիստը մտած է Թաւրիզի մէջ 1950 թուականին: Իր անպաճոյճ շիրմաքարը բոլոր այցելուներուն կը յուշէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, իր Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի ու այլ ճակատամարտներու ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներով եւ Մայիս 28-եան փառքի կերտիչներով: