Աւստրիա ետ քաշեց իր խաղաղապահ ուժերը
Կոլանի բարձրունքին վրայ իրենց առաքելութիւնը կ'իրագործեն ՄԱԿի աւելի քան 900 խաղաղապահ զինուորներ: Աւստրիա յայտարարեց, թէ ապահովութեան պատճառներով ետ կը քաշէ իր 377 զինուորները, միաժամանակ յոյս յայտնելով թէ կը հանդարտի շրջանէն ներս լարուած վիճակը:
Ամառնային Վասպուրական ակումբ (Պոսթան փաշա)
Հետագային, իսրայէլեան զինուորական աղբիւրներ յայտնեցին թէ սուրիական պետական ուժերը կը տիրեն ռազմական նշանակութիւն ունեցող այս վայրէն ներս եւ հանդարտութիւնը վերահաստատուած է:
Սուրիական Ուժերը Իրենց Հակակշիռին Տակ Առին Քուսէյրը
Սուրիական բանակը յայտարարեց թէ վերագրաւած է Լիբանանի սահմանին մօտակայ Քուսէյր քաղաքը, որմէ ետք յայտարարեց, թէ այս յաղթանակը պէտք է պատգամ մը ըլլայ Սուրիոյ բոլոր թշնամիներուն, թէ՝ ամբողջ երկիրը իր հակակշիռին տակ առնելու բանակին սկսած արշաւը յաջողութեամբ պիտի աւարտի: Ան ազդարարեց, թէ սուրիական բանակին վրայ յարձակողներուն ճակատագիրը յստակ է՝ «անձնատուր ըլլալ, կամ՝ մահ»:
Հայկական ծերանոցի շէնքը
Աւելի ուշ, սուրիական ընդդիմութիւնը յայտարարեց, թէ տասնեակներով զոհեր տալէ ետք՝ իր զինեալները հեռացուցած է Քուսէյրէն, որուն վրայ սուրիական բանակի յարձակումին մասնակցած են նաեւ «Հըզպալլա»ի զինեալները:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2րդ կայանը հաղորդեց, թէ Քուսէյրի մէջ սուրիական բանակին ապահոված յաղթանակը Դամասկոսէն սուրիական ծովափ երկարող ճամբուն ապահովութիւնը երաշխաւորած է՝ հարուած մը հասցնելով Լիբանանէն սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման աշխատանքին:
Քաղաքական գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն որեւէ ժամկէտ չէ ճշդած Սուրիոյ շուրջ նախատեսուած «Ժընեւ 2» միջազգային խորհրդաժողովին համար, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Ճան Քերին:
Իր կարգին, Լաւրով յայտարարեց, որ «Ժընեւ 2»ի թուականը պիտի ճշդուի միայն անոր մասնակիցներուն հարցով համաձայնութեան գոյացումէն ետք: Ան հաւանական նկատեց, որ մօտիկ ապագային դարձեալ հանդիպում մը ունենայ Քերիի հետ:
Մարդկային իրաւանց հարցով ՄԱԿի հետաքննիչները յայտարարեցին, թէ բաւարար պատճառներ ունին համոզուելու, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր «սահմանափակ» կերպով օգտագործուած են սուրիական կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ:
Վերջապէս, Փենթակոնէն աղբիւրներ հաղորդած են, որ Միացեալ Նահանգներ Յորդանան պիտի ուղարկէ «Փաթրիըթ» տիպի հակաօդային համակարգեր եւ «Էֆ. 16» տիպի ռազմական օդանաւեր՝ միացեալ ռազմափորձերու համար, աւելցնելով, որ «ռազմափորձերու աւարտէն ետք անոնցմէ քանի մը հատը թերեւս հոն մնան»:
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒՆ
ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Կիրակի՝ Յունիս 2ին, Թրոքատերոյի Մարդկային իրաւանց գաւիթին վրայ լուռ հանրահաւաք մը կազմակերպուած է Եւրոպայի Անտիոքեան ուղղափառ արքեպիսկոպոսութեան եւ Փարիզի Ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ: Հանրահաւաքին մասնակիցները այս նախաձեռնութեամբ իրենց զօրակցութիւնը բերած են Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու կղերականներուն՝ Հալէպի յոյն-ուղղափառ եպիսկոպոս Պուլոս Եազիճիի եւ նոյն քաղաքի ասորի-ուղղափառ մետրոպոլիտ Եուհաննա Իպրահիմի, եւ աղօթած՝ անոնց ազատ արձակման համար: Անոնք Ապրիլ 22ին, Հալէպի մերձակայքը՝ Քաֆր Տաէլ գիւղը գացեր էին քանի մը ամիս առաջ առեւանգուած երկու քահանաներու ազատ արձակումը ձեռք ձգելու նպատակով՝ բանակցութիւններ վարելու համար, նախքան իրենց իսկ առեւանգումը: