Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հայաստանը դիտորդ է 

Աստանայի մէջ կայացաւ «Եւրասիական տնտեսական համագործակցութեան»՝ ԵՒՐԱԶԷՍի գագաթնաժողովը, ուր Հայաստանի նախագահը չի մասնակցեցաւ:

Լրատուամիջոցները անդրադարձան այս բացակայութեան, յիշեցնելով թէ Ղրխզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ եւս ՀԱՊԿի գագաթնաժողովին դարձեալ չէին մասնակցած Հայաստանի եւ Պելառուսի նախագահները, ինչ որ տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ տուած էր:

ԵՒՐԱԶԷՍի հանդիպման կարեւոր որոշում մը կայացաւ՝ Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններու մէջ գտնուող մէկ այլ երկրի՝ Ուքրանիային համար: Հանդիպման գլխաւոր թեման Ուքրանիայի եւ Ղրխզիստանի հետ համագործացութեան շրջանակի ընդլայնումն էր: Ներկաները հաւանութիւն տուին «Մաքսային միութեան» հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու երկու երկիրներու մտադրութեան:

Այսօր, Մայիս 31-ին, Մինսկի մէջ կը կայանայ ԱՊՀ գագաթաժնողովը, որու ժամանակ երկու յուշագիր պիտի ստորագրուի, որոնց գործադրութեամբ Ղրխզիստանը պիտի միանայ «Մաքսային միութեան», իսկ Ուքրանիան պիտի դառնայ դիտորդ անդամ:

Հայաստանը ԵՒՐԱԶԷՍ-ի դիտորդ անդամ է: Վերջին ամիսներուն աշխուժ քննարկութիւններ կը կայանան Հայաստանի եւ «Մաքսային միութեան» յարաբերութիւններու հարցին շուրջ. սակայն պաշտօնական Երեւանը դեռ որեւէ հրապարակային յայտարարութիւն չէ կատարած այս հարցի կապակցութեամբ: